Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտի Նոր Նշանակուած Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Նախագահ Սարգսեանին

November 7, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին երէկ իր հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Շուէտի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ուլրիք Թիտեսթրոմը (նստավայրը` Թիֆլիս): Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքէն:

Դեսպան Թիտեսթրոմ ընդգծած է երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու  սերտ բարեկամական յարաբերութիւնները եւ կարեւոր նկատած  շուէտահայ համայնքի դերը այդ գործին մէջ: Դեսպանը հանրապետութեան նախագահին փոխանցած է Շուէտի թագաւոր Քարլ ԺԶ. Կուսթաւի ողջոյնները:

Նախագահ Սարգսեան դեսպան Թիտեսթրոմին մաղթած է արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ համոզում յայտնած, որ ան իր փորձն ու մասնագիտական կարողութիւնները պիտի ներդնէ` երկկողմանի  յարաբերութիւններու ամրապնդման համար: Անոր համաձայն, թէեւ հայ-շուէտական դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են միայն 26 տարի առաջ, սակայն այդ երկրին եւ հայերուն միջեւ պատմամշակութային առնչութիւնները կու գան դարերու խորքէն:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ Շուէտը Սկանտինաւեան շրջանին մէջ Հայաստանի կարեւոր եւ վստահելի գործընկերներէն է, եւ լուրջ նախադրեալներ կան տարբեր ուղղութիւններով փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման համար:

Նախորդը

Պաշտօնական Երեւանը Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Իրանի Շուրջ Զարգացումներուն

Յաջորդը

Ակնարկ. Պատժամիջոցները Կը Չէզոքացնեն Անգարայի Եւ Պաքուի Առաձգականութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.