Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Մնայ Սառած` Հակառակ Այդ Գծով Շարունակուող Խորհրդակցութիւններուն

November 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ կը սպասուի վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձն ու կառավարութեան մէջ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող սիւննի համայնքի ներկայացուցչութեան հանգոյցին լուծումը, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն լուռ կը շարունակէ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները:

Նախագահական պալատի աղբիւրներ ոչինչ յայտնեցին այդ խորհրդակցութիւններուն մասին: Իրականութիւն մը, որ կը նշանակէ, թէ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը սառած է:

Կառավարութեան մէջ սիւննի համայնքի ներկայացուցչութեան թղթածրարին առումով վարչապետ Հարիրիի մերժողական կեցուածքը կը յամենայ, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ հարց գոյութիւն չունի, այլ` կեցուածքներու մէջ տարակարծութիւն մը` նկատի ունենալով, որ նախագահ Աուն յանձնառու է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, իսկ Հըզպալլա կառչած կը մնայ վարչապետ Հարիրիին:

Նշենք, որ նախագահ Աուն մնայուն կապի մէջ է վարչապետ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Հըզպալլայի ղեկավարութեան հետ:

Պէտք է աւելցնել, որ Մուսթաքպալ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ վարչապետ Հարիրի կիրակի, 11 նոյեմբեր 2018-ին պիտի վերադառնայ Պէյրութ` ներկայ գտնուելու համար խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերուն եւ ապա դարձեալ պիտի մեկնի Փարիզ` շարունակելով կառչած մնալ կառավարութեան կազմութեան իր աշխատանքները խոչընդոտելու փորձերուն դէմ իր որդեգրած կեցուածքին:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ, 10 նոյեմբեր 2018-ին պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ տեղական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններուն:

 

Նախորդը

Պըրրիի Մօտիկ Աղբիւրներ Կը Հաստատեն, Որ Ան Կը Մերժէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Միջամտել

Յաջորդը

«Լիբանանին Ու Լիբանանցիին Հիմնական Հարցը Արտաքին Աշխարհէն Կախեալ Ըլլալու Փորձանքն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.