Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնած է, թէ Գանձակ քաղաքին մէջ յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած են երկու ծայրայեղականներ, որոնք կը պատրաստուէին երկրին մէջ ահաբեկչական արարքներ գործելու:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ կրօնական ծայրայեղական խմբաւորման անդամներ Ֆամիլ Ալեքպերով եւ Ռուսթամ Ռզայեւ սպաննուած են շղթայազերծուած յատուկ գործողութեան ընթացքին:
Անոնք դիմադրութիւն ցոյց տուած են իրաւապահներուն` կրակ բանալով անոնց ուղղութեամբ: Պատասխան գործողութիւններու պատճառով ահաբեկիչները սպաննուած են:
Խուզարկութեան ընթացքին իրաւապահները ծայրայեղականներուն վարած ինքնաշարժին մէջ տարբեր տեսակի զէնք ու զինամթերք յայտնաբերած են:



