«Ուժը միասնութեան մէջ է» ընդդիմադիր միաւորումէն Վրաստանի նախագահի թեկնածու Կրիկոլ Վաշածէի կարծիքով` անտեղի են գործող իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն այն մտահոգութիւնները, թէ պետութեան ղեկավարի ընտրութիւններու երկրորդ փուլին իր յաղթանակը Վրաստանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբ պիտի դառնայ:
Խորհրդարանական մեծամասնութենէն երեսփոխան Կետեւան Փոփխածէ լրագրողներուն յայտարարած էր, թէ եթէ Վաշածէ նախագահ դառնայ, ապա երկիր պիտի վերադառնայ նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին, ներում պիտի շնորհէ նախկին պաշտօնատարներուն, ինչ որ քաղաքացիական պատերազմի սկսելու քայլ պիտի ըլլայ:
«Ո՛չ մէկ վրէժխնդրութիւն, ո՛չ մէկ քաղաքացիական պատերազմ, ո՛չ մէկ դիմակայութիւն կամ քաղաքական ընդդիմախօսներու բռնաճնշում, անոնց ահաբեկում եւ ֆիզիքական հաշուեյարդար պիտի ըլլայ», ըսած է Վաշածէ «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանէն:
Ան նաեւ բացատրած է վերջերս կատարած իր այն յայտարարութիւնները, թէ ընտրութեան յաղթելու պարագային մտադիր է ներում շնորհել նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիին եւ ազատ արձակել ձերբակալուած նախկին պաշտօնատարները: Վաշածէի համաձայն, ինք բոլորին ներում շնորհելու ցանկութիւն ունի, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ է ներգրաւել դատախազութիւնը եւ համաներման յանձնախումբը, հետեւաբար այդ մարդոց «պէտք է ներում շնորհէ պետութիւնը` գործող օրէնսդրութեան համաձայն»:
Վաշածէ նաեւ լիակատար վստահութիւն յայտնած է, որ պիտի յաղթէ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին, եւ կը պնդէ, որ իր հաշուարկներուն համաձայն, առաջին փուլին ինք իր մրցակիցէն յառաջ անցած է:
Վրաստանի նախագահի պաշտօնին համար 28 հոկտեմբերին պայքարած էր 25 թեկնածու: Երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ 2 դեկտեմբերին: Իրարու դէմ պիտի մրցին Վաշածէ եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Սալոմէ Զուրապիշվիլի, որուն կ՛աջակցի իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը:



