Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հնդկաստան, Իրան Եւ Ռուսիա Կը Ծրագրեն 23 Նոյեմբերին Իր Կարեւորութեամբ Սուեզի Ջրանցքը Գերազանցող Ապրանքներու Փոխադրութեան Միջազգային Նոր Միջանցք Մը Ստեղծել

November 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուեզի ջրանցքը մինչեւ հիմա աշխարհի համար մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ Միջերկրական ծովը կը կապէ Կարմիր ծովուն, ինչպէս նաեւ Ասիան` Ափրիկէին եւ Հնդկաց ովկիանոսին, անիկա Խաղաղական ովկիանոսի արեւմուտքը գտնուող երկիրներուն ու եւրոպական ցամաքամասին միջեւ ամէնէն կարճ ուղին է: Սակայն «Սուեզի գահը կրնայ մօտ օրէն սասանիլ», եթէ Հնդկաստան, Իրան եւ Ռուսիա յաջողին ստեղծել ծովային նոր ջրանցք մը, որ ծանօթ է «Հիւսիս-Հարաւ փոխադրութեան միջանցք» կամ ԻՆՍԹՔ անունով եւ Հնդկաց ովկիանոսէն ու Արաբական ծոցէն, Իրանի ճամբով Ռուսիա եւ հիւսիսային Եւրոպա երկարող մայրուղիներու, ծովային ուղիներու եւ երկաթուղիներու ճամբով երկրագունդի հիւսիսը կը կապէ հարաւին: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը` նշելով, որ երեք երկիրները 23 նոյեմբերին այդ ծրագիրի նախաձեռնութեան եռակողմ ժողով մը պիտի գումարեն:

Նոր ծրագիրը Չինաստանի նախաձեռնած գօտիի եւ ուղիի ծրագիրին մէկ մասը կը կազմէ:

Նիւ Տելհին պիտի կարենայ ծովու ճամբով իր ապրանքները ուղարկել Իրանի Պանտար Ապպաս քաղաք, ուրկէ անոնք պիտի ուղարկուին Ռուսիոյ Ասթրախան քաղաք` առ ի պատրաստութիւն երկաթուղիի միջոցով զանոնք Եւրոպա փոխադրելու:

Կը նախատեսուի, որ նոր միջանցքը տարեկան 30 միլիոն թոնի հասնող ապրանքներուն փոխադրութեան ժամանակամիջոցը պիտի կրճատէ, իսկ փոխադրման գինը 30-40 առ հարիւրով նուազ պիտի ըլլայ Սուեզի ջրանցքով փոխադրման գինէն:

Ապրանքներու Մումպայէն Մոսկուա փոխադրումը պիտի տեւէ շուրջ 20 օր:

«Մայատին» կը նշէ. «Նոր միջանցքին Սուեզի հետ բաղդատումը կը յիշեցնէ վերջինիս առեւտրական կարեւորութեան կողքին նաեւ զինուորական կարեւորութիւնը, ուստի ԻՆՍԹՔ անցքը տնտեսական ձեռքբերում մը ըլլալուն կողքին նաեւ ապահովական ու զինուորական ձեռքբերում մը պիտի ըլլա՞յ»:

Նախորդը

Սթոլթընպերկ Կ՛ակնկալէ, Որ Ռուսիան Արհեստավարժ Վերաբերմունք Կ՛ունենայ Նորվեկիական Ծովուն Մէջ Ռազմափորձերուն Ընթացքին

Յաջորդը

Վաշածէ Ժխտած Է Վրաստանի Մէջ Քաղաքացիական Պատերազմի Սկսելու Կարելիութիւնը

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.