Կովկասի մահմետականներու վարչութեան ղեկավարի տեղակալ Սապիր Հասանլի Պաքուի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ մօտիկ ապագային կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հոգեւոր պետերուն հանդիպումը ճակատամերձ գօտիին վրայ: Ան ճշգրիտ ժամկէտ չնշեց հանդիպումին համար:
Հասանլի յայտնեց, որ այսպիսի համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Երեւանի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի` Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. պատրիարքին մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին:


