Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) այսօր` չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբերին իր աւարտին կը հասնի Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի աղջկանց 20-րդ ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ եգիպտական Ահլիի միջեւ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 18:00-ին, ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Տուպայ Սփոր-2» պատկերասփիւռի կայանէն:
Երէկ տեղի ունեցած կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, եգիպտական Ահլին իր յաղթանակը արձանագրեց թունուզեան Ամալի դէմ` 108-99 արդիւնքով:
Իսկ Լիբանանի ներկայացուցիչը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, իր յաղթանակը արձանագրեց յորդանանեան Ֆահըսի դէմ` 97-62 արդիւնքով:




