Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Կ՛ընդունի Լիւքսամպուրկի Դքսուհին Եւ Մըլհեմ Ռիաշին

October 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիւքսամպուրկի դքսուհի Մարիա Թերեզան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի եւ Հարիրիի խորհրդատու Նատիմ Մունլա: Անոնք քննարկեցին Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ու այլ միջազգային  մարդասիրական կազմակերպութիւններու այս հարցին գծով տրամադրած մարդասիրական օգնութիւնները: Հանդիպումին աւարտին սարքուեցաւ ճաշ` ի պատիւ դքսուհիին:

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Սարուժ Քումարը եւ նոյն դրամատան ուժանիւթի եւ արդիւնահանման բաժանմունքի տնօրէն Ռիքարտօ Փուլիթին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ «Սետր» խորհրդաժողովին վերաբերող ծրագիրներ:

Վարչապետ Հարիրի հանդիպում ունեցաւ նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիին հետ: Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտարարեց, թէ ան, ներկայացնելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, վարչապետին ներկայացուց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներուն եւ նախարարութիւններուն անուանացանկը: Նախարար Ռիաշի աւելցուց, որ վարչապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ժահժահի հետ ու ողջունած կառավարութեան կազմութեան ընթացքը հարթող անոր ջանքը: «Չիւրացուցինք յոյն կաթողիկէ համայնքին աթոռները, եւ հոսկէ կու գամ հաստատելու, որ ես յառաջիկայ կառավարութեան մէջ պաշտօն չունիմ: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կապուած մեր առաքելութիւնը վերջ կը գտնէ այսպէս: Վարչապետը պէտք եղած քայլերը կ՛առնէ եւ շուտով կը կազմուի կառավարութիւնը», հաստատեց ան:

Նախորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Քաղաքապետ Պօղոսեան Հանդիպում Ունեցան Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Ընդհանուր Տնօրէնին Հետ

Յաջորդը

Մոսկուա Կը Մեղադրէ Պոլթընը` Հայաստանի Ներքին Գործերուն Միջամտելու Յանցանքով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.