Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Սանտէյ Էքսփրես»-ի. Բրիտանիան Առաջինը Տեղեակ Եղած Է Խաշոկճիի Դէմ Ծրագիրի Մասին Եւ Ռիատին Կոչ Ուղղած Ջնջելու Զայն

October 30, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանին մէջ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան գործով կատարուած է ուշագրաւ բացայայտում մը, ըստ որուն, Բրիտանիան առաջինը տեղեակ եղած է ընդդիմադիրներու դէմ նախապատրաստուած ծրագիրի մասին: Այս մասին կը գրէ «Սանտէյ Էքսփրես»-ը` յղում կատարելով հետախուզութեան մէջ լաւատեղեակ աղբիւրի մը:

Լոնտոն այդ մասին իմացած է Խաշոկճիի` հիւպատոսարան մուտք գործելէն երեք շաբաթ առաջ: Բրիտանական հետախուզութիւնը տեղեակ եղած է, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքի մերձաւոր շրջապատի անդամներէն մէկը դասաւորած է առեւանգել լրագրողը եւ զինք Սէուտական Արաբիա վերադարձնել:

Բայց եւ այնպէս, հրամանը ուղղակիօրէն չէ տրուած գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանէն, եւ յայտնի չէ, թէ արդեօք ան տեղեակ եղա՞ծ է այս բոլորէն:

«Սեպտեմբերի սկիզբը` Խաշոկճիի հիւպատոսարան մտնելէն երեք շաբաթ առաջ, մենք արդէն տեղեակ էինք, որ բան մը պիտի կատարուի: Ետքը ի յայտ եկան մանրամասնութիւններ, որոնց համաձայն, լրագրողը պիտի բռնէին ու զայն Սէուտական Արաբիա վերադարձնէին: Բայց եւ այնպէս, լրագրողին նկատմամբ այլ գործողութիւններ եւս չէին բացառուած: Գիտենք, որ հրամանը տուած է թագաւորական ընտանիքին մօտիկ շրջապատի անդամներէն մէկը, սակայն գահաժառանգին հետ առնչութեան ապացոյց չկայ: Ուստի, չենք կրնար ըսել թէ ա՞ն է պատուիրատուն, թէ՞ ոչ», նշած է աղբիւրը:

Ան աւելցուցած է, որ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները Սէուտական Արաբիան նախազգուշացուցած են ջնջելու այդ ծրագիրը, սակայն կոչը անտեսուած է:

«Սանտէյ Էքսփրես» զրուցած է նաեւ Խաշոկճիի մտերիմ ընկերոջ հետ, որուն համաձայն, լրագրողը լուրջ ապացոյցներ պիտի ստանար Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ քիմիական զէնքի կիրարկման մասին:

«Ես անոր հանդիպած եմ մահէն մէկ շաբաթ առաջ: Ան տխուր էր եւ անհանգստացած: Երբ հետաքրքրուեցայ, թէ ի՞նչ պատահած է, ըսաւ, որ շուտով ապացոյցներ պիտի ստանայ, թէ Սէուտական Արաբիան քիմիական զէնք օգտագործած է: Ատկէ ետք լսեցի Խաշոկճիի սպանութեան լուրը», ըսած է ակադեմական ընկերը:

Ան աւելցուցած է, որ եթէ լրագրողը հրապարակէր գայթակղալից ապացոյցները, ապա թագաւորական ընտանիքը չափազանց դժուար կացութեան մէջ պիտի յայտնուէր:

 

 

Նախորդը

Վրաստանի Մէջ Նախագահական Ընտրութեան 2-րդ Փուլ Տեղի Պիտի Ունենայ

Յաջորդը

«Թրամփ-Փութին Հանդիպման Նախապատրաստական Աշխատանքները Սկսած Են» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.