Չինական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ դանակով զինուած կին մը Չինաստանի հարաւարեւմտեան Չունցին քաղաքին մէջ մանկապարտէզի մը դարպասին մօտ յարձակում գործած է երեխաներու վրայ` վիրաւորելով անոնցմէ 14-ը:
Ոստիկանութիւնը աւելցուց, որ 39-ամեայ կինը, որուն մականունը Լիու է, յարձակումը գործած է, երբ երեխաները կը վերադառնային առաւօտեան մարզանքէն:
Վիրաւորները փոխադրուած են հիւանդանոց, իսկ մանկապարտէզի պահակներն ու ուսուցիչները յաջողած են ձերբակալել յանցագործը:
Ոստիկանութիւնը նշեց, որ հարցին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ:



