Միացեալ Նահանգներու Հաուայ նահանգին մէջ կղզի մը անհետացած է, ինչ որ կլիմայի գիտնականներուն մօտ շփոթ յառաջացուցած է եւ ցնցած երկրի պաշտօնատարները:
Կլիմայական հարցերու մասնագէտները յայտնեցին, որ Իսթ Այլընտ կղզին, որ նշեալ նահանգին մեծագոյն 8 կղզիներէն մէկն է, ամբողջութեամբ անհետացած է իբրեւ հետեւանք շրջանը հարուածած մրրիկին, որ պատճառ դարձած է ջուրի մակարդակի բարձրացման եւ կղզիի ամբողջութեամբ ողողման:
Քանի մը օր առաջ շրջանը հարուածած էր «Ուալաքա» մրրիկը, որ Խաղաղական ովկիանոսի մէջ ամէնէն ուժեղ մրրիկներէն մէկն էր: Քամիին արագութիւնը ժամական 257 քիլոմեթր էր, եւ ան դասուած էր 5-րդ դասակարգի մրրիկ:
«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ աղէտեալ կղզին ծովային արգելոց մըն է, որովհետեւ այդտեղ կը գտնուին Հաուայի փոկերը եւ անհետացման վտանգ դիմագրաւող ծովային կրիաներու շարք մը տեսակներ:
Կլիմայի գիտնականները ցնցուած են, երբ քննած են մրրիկին հարուածած շրջանին արբանեակային լուսանկարները, որոնք ցոյց տուած են, թէ կղզին մրրիկին զօրութեան եւ ջուրի մակարդակի մեծապէս բարձրացման պատճառով ամբողջովին անհետացած է:



