Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Աշխարհը մօտէն կը հետեւի սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան հարցին, եւ Թուրքիան պիտի չարտօնէ պատասխանատուներուն, ո՛ր կողմէն ալ ըլլան անոնք, արդարադատութենէն փախուստ տալ»:
«Խաշոկճիի սպանութիւնը մեր ուսերուն կը դնէ արդիւնքի հասնելու պարտաւորութիւնը, եւ իրականութիւնը թափանցիկ կերպով պիտի յայտարարենք», ըսաւ ան:
«Խաշոկճիի սպանութեան վերաբերեալ հաստատ տեղեկութիւններ փոխանցեցինք, եւ ատկէ նեղացող կողմեր կան», նշեց Էրտողան` աւելցնելով. «Եթէ Խաշոկճիի հարցին վերաբերեալ նոր փաստեր ստանանք, ապա զանոնք պիտի փոխանցենք առնչակից կողմերուն»:
«Այս հանգրուանը յաջող կերպով պիտի կառավարենք եւ այս հարցի ծիրին մէջ մեր բոլոր պարտաւորութիւնները պիտի կատարենք», աւելցուց Թուրքիոյ նախագահը:



