Ազրպէյճանի ընդդիմադիր Հանրապետական այլընտրանք կուսակցութեան նախագահ Իլկար Մամետով, որ բանտէն ազատ արձակուած է անցեալ ամիս, կը պահանջէ Ազրպէյճանի մէջ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կատարել:
Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը:
Մամետով արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը հիմնաւորած է այն բանով, որ Ազրպէյճանի ներկայ խորհրդարանը չ՛արտացոլացներ եւ չի ներկայացներ ժողովուրդին շահերը, իսկ 2018-ի ապրիլին տեղի ունեցած արտակարգ նախագահական ընտրութիւնը եղած է բեմադրութիւն:
Մամետով Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած գրառումին մէջ նշած է, որ ապրիլին կայացած նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն վատ բեմադրութիւնը եղած է: «Ապրիլին տեղի ունեցած ընտրութեան վերաբերեալ միջազգային հսկիչներու գնահատականները եղած են աւելի կտրուկ եւ բացասական, քան միւս ընտրութիւններու ժամանակ», նշած է Մամետով:
Ան նշած է, որ Իլհամ Ալիեւ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը աւելի չլարելու համար պէտք է համաձայնութիւն տայ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու:
«Եթէ Ալիեւ քաղաքական հասարակական սկզբունքը կը համարէ պետութեան ղեկավարման միջոց եւ չ՛ուզեր, որ երկրին մէջ տիրող քաղաքական-հասարակական կացութիւնը աւելի լարուի, պէտք է համաձայնութիւն տայ խորհրդարանի արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու, սակայն պէտք է այնպէս կատարուի, որ խորհրդարանին մէջ սակաւապետի մը պատկանող գրպանային երեսփոխանները չփոխարինուին մէկ այլ սակաւապետի պատկանող գրպանային երեսփոխաններով», ըսած է Մամետով:
Ըստ Իլկար Մամետովի, արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտ են նաեւ անոր համար, որ նոր խորհրդարանը գործադիր իշխանութեան եւ կեղծ նախագահական իշխանութեան դէմ ներկայացնէ ժողովուրդին շահերը եւ իրականացնէ խաղաղ անցումը` դէպի ժողովրդավարութիւն:



