Սէուտական Արաբիա սպառնացած է առաւել լուրջ միջոցներով պատասխանել այն պատժամիջոցներուն, որոնցմով Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան սկսած են սպառնալ թագաւորութեան` Պոլսոյ մէջ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի անհետացման պատճառով: Այս մասին յայտարարեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Թագաւորութիւնը ամբողջութեամբ կը մերժէ որեւէ սպառնալիք կամ տնտեսական պատժամիջոցներով զինք խոցելու փորձ, քաղաքական ճնշումի կիրարկում կամ կեղծ մեղադրանքներ, որոնք պիտի չցնցեն թագաւորութիւնն ու անոր յառաջատար դիրքը արաբական եւ իսլամական աշխարհի մէջ: Թագաւորութիւնը կը հաստատէ, որ յաւելեալ լուրջ միջոցներով պիտի պատասխանէ իր դէմ որեւէ որոշումի որդեգրման պարագային», շեշտեց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծեց, որ սէուտական տնտեսութիւնը զգալի եւ կենսական կարեւոր դեր կը կատարէ աշխարհի վրայ. եթէ անիկա տուժէ, ապա ատիկա համաշխարհային ազդեցութիւն պիտի ունենայ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ իրենք կը քննարկեն սէուտցի լրագրողի անհետացման հարցը, եւ եթէ ի յայտ գայ, թէ անոր անհետացման կամ սպանութեան ետին Սէուտական Արաբիան կանգնած է, ապա Միացեալ Նահանգներ «խիստ պատիժ» պիտի սահմանեն թագաւորութեան դէմ:
Բրիտանիա եւ Միացեալ Նահանգներ կը նշեն նաեւ, որ կրնան պոյքոթի ենթարկել Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունենալիք «Ֆիուչըր Ինվեսթմընթ Ինիշըթիւ» տնտեսական խորհրդաժողովը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես իր կարգին մտահոգութիւն յայտնած է Խաշոկճիի անհետացման առնչութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Արթիկերեչեք» կայքը: Ան մտահոգութիւն յայտնած է, որ նման միջադէպերը աշխարհի վրայ սովորական դարձած են:
«Մենք պէտք է յստակ իմանանք, թէ ի՞նչ կատարուած, ինչպէ՞ս կատարուած է եւ ովքե՞ր են կատարուածին պատասխանատուները», ըսած է Կութիերես:



