Ինչպէս ծանօթ է, 13 եւ 16 հոկտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը «Ազգերու լիկա»-ի մրցաշարքին գծով, մրցումներ ունի կատարելիք յաջորդաբար Ճիպրալթարի եւ Մակեդոնիոյ դէմ` Երեւանի մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ հայրենի կազմը երէկ` չորեքշաբթի, 10 հոկտեմբերին, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ իր երկրորդ փորձը կատարեց` գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլպուդաղեանցի գլխաւորութեամբ:
Հաւաքականին միացած է նաեւ Եուրա Մովսիսեան, որ անցեալին հարցեր ունէր Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի հետ:
Ամերիկեան Շիքակօ Ֆայըրին մաս կազմող Մովսիսեան երէկ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նորընտիր նախագահ Արթուր Վանեցեանի հետ:



