Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Տէյլի Մէյլ» կը յայտնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի 6 ֆութպոլիստներ իրենց մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյի պատճառով մտադիր են հեռանալ խումբէն:
Եթէ 55 տարեկան փորթուգալցին մնաց իր պաշտօնին վրայ, խումբէն պիտի հեռանան սպանացի բերդապահ Տաւիտ Տէ Ժէա, յետսապահներ Էրիք Պայի, Անթոնիօ Վալենսիա, Լիուք Շու, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի միջնապահներ Փոլ Փոկպա եւ Անթոնի Մարթիալ:
Եթէ Մանչեսթըր Եունայթըտ ինք ըլլայ պայմանագրութիւնը խզողը, Մուրինիոյին պիտի վճարէ 26 միլիոն եւրօ:



