Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, իր երկրի կառավարութեան նիստին ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ բացառած է Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը բանակցային հոլովոյթին:
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ըստ Ալիեւի, բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ կատարուած են, կը կատարուին եւ պէտք է կատարուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ:
Այս մասին ան խօսած է Ազրպէյճան կառավարութեան ընկերային-տնտեսական զարգացումներու ամփոփման նիստին ընթացքին:



