Երէկ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ հասաւ Երեւան` մասնակցելու Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ անոր դիմաւորեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:
Թրիւտօ «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկին մէջ հանդիպում ունեցած է Քեպեքի վարչապետ Ֆրանսուա Լեկոյի հետ: Այնուհետեւ ուղղուած է Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր, ուր մասնակցած է Ֆրանսախօս երկիրներու ծիրին մէջ ընտանեկան լուսանկարի ստեղծման արարողութեան: Վարչապետ Թրիւտօ ելոյթ պիտի ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովի բացման արարողութեան, այնուհետեւ պիտի մասնակցի լիագումար նիստին: Ան նաեւ պիտի մասնակցի սահմանափակ լիագումար նիստին: Թրիւտօ երեկոյեան ներկայ եղած է Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած կալա-համերգին: Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի շրջագիծին մէջ, Քանատայի վարչապետին 11 հոկտեմբերի օրակարգը կ՛աւարտի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կազմակերպած վարչապետներու ընթրիքին մասնակցութեամբ:



