Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կոչ ուղղեց հայ ֆութպոլասէրներուն ձեռք ձգելու Հայաստանի հաւաքականին այս տարի Երեւանի մէջ կատարելիք վերջին մրցումներուն տոմսերը աննախադէպօրէն աժան գիներով, որոնք կը սկսին 1000 դրամէն:
Նշուեցաւ, որ ազգային հաւաքականը առաւել քան երբեք կարիքը ունի իր համակիրներուն աջակցութեան:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Ազգերու լիկա»-ի խմբային հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստան պիտի մրցի Ճիպրալթարի (13 հոկտեմբեր) եւ Մակեդոնիոյ դէմ (16 հոկտեմբեր):



