Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովին Ընդառաջ Հայաստան Կը Հիւրընկալէ Ֆրանսացի Գրողներ Ու Քաղաքագէտներ

October 10, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին ծիրին մէջ` Ֆրանսայէն Հայաստան եկած գրողներն ու քաղաքագէտները իրենց մտահոգութիւնները արտայայտած են աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վերաբերեալ` 9 հոկտեմբերին հիւրընկալուելով Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ:

«Պիտի ներկայացնեմ «Աշխարհիկութեան խորհրդաւորութիւնը» գիրքը, որուն մէջ կը խօսիմ, թէ ինչպէ՛ս կրօնական գաղափարախօսութիւնը կամաց-կամաց կը վերածուի աշխարհաքաղաքական մտածողութեան: Յստակ կը պատմեմ, թէ ինչպէ՛ս այդ գաղափարախօսութեան մաս կը դառնան Ամերիկան, Անգլիան եւ այլ երկիրներ: Գիրքը թարգմանուած է քանի մը լեզուով, եւ անոր մասին յօդուածներ գրուած են տարբեր երկիրներու մէջ», ըստ «Արմէնփրես»-ի` նշած է չորս գիրքի հեղինակ Եուսեֆ Հինտի:

Քաղաքագէտ, դասախօս Էմանուէլ Լըրուա ըսած է, թէ ընկերներուն հետ եկած է Հայաստան: «Արդէն ութերորդ օրն է, որ այստեղ եմ: Հայաստանը շատ փոքր երկիր է, բայց մարդիկ մեծ ժողովուրդի ներկայացուցիչներ են: Ամենայն անկեղծութեամբ կ՛ըսեմ, որ մեծ ժողովուրդ էք, քանի որ հազարամեայ պատմութեան կրողներ էք եւ հնդեւրոպական երկիրներու ակունքն էք», ընդգծած է ան:

Լըրուա աւելցուցած է, որ չափազանց կարեւոր է նաեւ այն փաստը, որ հայերը եղած են առաջինը, որ ընդունած են քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն: «Ես մեծ հաճոյքով եկած եմ այս հնադարեայ երկիր, որպէսզի զայն ճանչնամ եւ իմ կարելիութիւններուս չափով աջակցիմ պահպանելու ձեր մշակոյթը», եզրափակած է քաղաքագէտը:

Հանդիպումը իրականացած է Ֆրանսայի Արշակ Չօպանեանի անուան ուսումնարանի եւ «Սիժեստ» հրատարակչութեան հրաւէրով:

Պաշտօնական Բացում` Ֆրանսախօս Երկիրներու Աւանը

Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր եւ խաչմերուկ է: 9 հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ աւանին պաշտօնական բացումը:

«Հիւրընկալելով ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը` մեր մայրաքաղաքի հազարամեայ պատմութեան էջերը զարդարուեցան եւս մէկ բացառիկ եւ գեղեցիկ իրադարձութեամբ:  ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մէկ յարկի տակ կը միաւորէ աշխարհի 5 ցամաքամասերէն տասնեակ երկիրներ` իրենց մշակութային բազմազանութեամբ: Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (ՖՄԿ) կը գործէ ի նպաստ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, անդամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զօրացման: Այս ամէնուն վառ ապացոյցն է «Ապրիլ եւ ստեղծել միասին» կարգախօսը եւ այս կարգախօսին ներքեւ կազմակերպուած գեղեցիկ աւանին գոյութիւնը: Անիկա խաչմերուկ եւ հանդիպման վայր է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու համար: Անիկա, կարծես, նուէր ըլլայ մեր 2800-ամեայ մայրաքաղաքին, իր բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար», ըստ «Արմէնփրես»-ի` ըսած է Երեւանի քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կամօ Արէեան:

Ան աւանը նկատեց մէկ վայրի մէջ ամբողջ ֆրանսախօս աշխարհի գեղեցկութեան եւ բազմազանութեան հանդիպելու բացառիկ կարելիութիւն:

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանի անունով աւանի բացման մասնակցեցաւ ՖՄԿ-ի համակարգող Ատամ Ուանը: Ան նկատեց, որ ունինք 6 օր` բացայայտելու այն մշակոյթը, որ կը ներկայացնեն այստեղ բոլոր երկիրները: Ան ֆրանսախօս երկիրներու աւանը նախ եւ առաջ մեծ կարելիութիւն նկատեց` բացայայտելու Հայաստանը, որ ընդունած եւ դիմաւորած է ՖՄԿ-ի վեհաժողովը եւ Ֆրանսախօս երկիրներու օրերը: «Վայելեցէք այն մշակութային բազմազանութիւնը, որ ձեզի պիտի ներկայացուի այստեղ: Ֆրանսախօս երկիրները կարելիութիւն կու տան տարբեր մշակոյթներու իրենց ամբողջ բազմազանութեամբ ներկայանալու` նախ եւ առաջ Հայաստանին: Այսօր ֆրանսախօս երկիրներու ամբողջ աւանը բաց է բոլորին համար, որպէսզի միասին ծանօթանանք այն մշակոյթներուն, որոնք կը ներկայացուին այստեղ», նշեց Ատամ Ուան:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան նշեց` մեծ պատիւ է հիւրերը ընդունիլ Ազատութեան հրապարակին վրայ` միասին ազդարարելու Ֆրանսախօս երկիրներու աւանին բացումը: «Ֆրանսախօս երկիրները կրնան հպարտանալ իրենց ընտանիքով, որ ուժեղ է իր արժէքներով, որ անիկա մշակոյթներու իսկական խճանկարն է: Երեւանեան վեհաժողովը ֆրանսախօս երկիրներու այս գրկաբաց աւանին մէջ իր դռները բացած է երաժիշտներու, նկարիչներու, արուեստասէրներու եւ բոլոր քաղաքացիներուն առջեւ, որոնք տաղաւարներու մէջ եւ նաեւ բեմէն կը ներկայացնեն իրենց ազգային մշակոյթը, աւանդութիւնները: Հայաստանն ու մայրաքաղաք Երեւանը ջանք չեն խնայած հայկական աւանդական ջերմութեամբ մեր բազմաթիւ հիւրերը ընդունելու համար, որոնցմէ շատերը առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելեն Հայաստան: Որքան գեղեցիկ է, որ այսօր Երեւանի մէջ հաւաքուած ենք եւ կը կիսենք մեր մշակոյթը, արժէքներն ու ժառանգութիւնը մեր բարեկամներուն հետ միասին», ընդգծեց Մնացականեան:

Նախարարը իր երախտիքը յայտնեց աւանի բոլոր մասնակիցներուն, որոնք երկար ճամբայ անցած են, որ խճանկարը ըլլայ ամբողջական:

Նշենք, որ Ֆրանսախօս երկիրներու աւանին նպատակն է ներկայացնել ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մշակութային բազմազանութիւնը, որ նաեւ երեւանեան վեհաժողովի օրակարգին կարեւոր նիւթերէն է: Մասնակիցներուն յատկացուած տաղաւարներուն միջոցով կարելիութիւն պիտի ընձեռուի ցուցադրելու ֆրանսախօս երկիրներու մշակոյթն ու կենցաղը: Այս տարի ֆրանսախօս երկիրներու աւանը կ՛իրականացուի «Ապրիլ ու ստեղծել միասին» կարգախօսով: Պիտի ներկայացուի մասնակից երկիրներու մշակութային եւ լեզուական ամբողջ բազմազանութիւնը: Պիտի ներկայացուին արհեստագործական իրեր, մասնակից պետութիւններու զբօսաշրջային կարելիութիւնները, արուեստի, մշակոյթի գործիչները:

Աւանը կը շարունակէ գործել մինչեւ 12 հոկտեմբեր:

 

Նախորդը

16 Պատգամաւորներ Միացած Են Դեկտեմբերին Արտահերթ Ընտրութիւններ Կատարելու Ստորագրահաւաքին

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Կ՛աւելցնեն Հայաստանին Տրամադրուող Օժանդակութիւնը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.