Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան – Ծառուկեան Յուշագիրի Ստորագրութիւն. Ծառուկեանի Գլխաւորած Քաղաքական Ուժը Վարչապետի Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ Եւ Պիտի Չաջակցի Վարչապետի Ոեւէ Թեկնածուի

October 9, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան շէնքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան-Գագիկ Ծառուկեան հանդիպումը, որուն ընթացքին  քննարկուած են դեկտեմբեր 2018-ին (հաւանական) տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ բանբեր Արման Եղոյեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ տեղեկացուց, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է. «Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր (երէկ` 8 հոկտեմբերին, «Ա.») ընդունած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը: Քննարկուած են հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումներ, այդ կարգին` խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպման  առնչուող հարցեր», գրած է Արման Եղոյեան:

Աւելի ուշ, վարչապետի բանբեր Արման Եղոյեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ հրապարակեց Գագիկ Ծառուկեանի ու Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ ստորագրուած յուշագիրին բնագիրը: Ըստ այդմ, Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած քաղաքական ուժը պիտի չառաջադրէ վարչապետի թեկնածու եւ պիտի չաջակցի վարչապետի ոեւէ թեկնածուի:

Հանդիպումի ընթացքին Գագիկ Ծառուկեան նշեց, որ ինք կ՛աջակցի  յեղափոխական շարժումին եւ անոր սկզբունքներուն:

«Բոլոր հարցերով եղած եմ իմ ժողովուրդի կողքին, շարժումի կողքին: Ոչ մէկն ալ  կը պատկերացնէր, որ կրնայ Սերժ Սարգսեանը հրաժարական տալ, բայց  մենք այդ պահէն ամբողջ խումբով կանգնած ենք ձեր կողքին: «Արմենիա» պանդոկին մօտ ըսած եմ, որ ձեր ընտրեալը Նիկոլ Փաշինեանն է, ես ձեր ընտրեալի կողքին եմ, 100 անգամ ալ դնենք,  չընտրուի, միեւնոյնն է, ձեր կողքին եմ: Միշտ քու կողքիդ եղած եմ քու կողքիդ եմ եւ պիտի մնամ», նշեց Ծառուկեան:

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի Հետ

Յաջորդը

Ճոն Թերի Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.