Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Կերըթ Սաութկէյթ 2 տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը: Ան այսպիսով մինչեւ 2022 պիտի գլխաւորէ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը:
48 տարեկան մասնագէտը խումբին մարզիչի պաշտօնը ստանձնած էր 2016-ին:
Նշուեցաւ, որ անոր տարեկան աշխատավարձը 2,8 միլիոն եւրոյէն բարձրացաւ 3,3 միլիոն եւրոյի:



