Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 8-րդ հանգրուանին եւս, Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս յաղթանակ արձանագրեց` այսպիսով ապահովելով առաւելագոյն 24 կէտը:
Եուվենթուս իր այս 8-րդ յաղթանակը արձանագրեց Ուտինեզէի դաշտին վրայ` 2-0 արդիւնքով:
Առաջին կոլը նշանակեց ուրուկուէյցի Ռոտրիկօ Պենթանքուր (33-րդ), որմէ չորս վայրկեան ետք փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ արդիւնքը վերածեց երկուքի:
8-րդ հանգրուանէն ետք Եուվենթուս ցարդ անպարտելի միակ խումբն է:



