Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 8-րդ` հանգրուանի մրցումներուն, Արսենալ արձանագրեց իր 6-րդ յաղթանակը` 5-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ֆուլհեմի դաշտէն:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այս մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ 90 վայրկեան, թէեւ կոլ չնշանակեց, բայց մեծապէս օգնեց իր կազմին` արձանագրելու այս յաղթանակը:



