Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 8-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ ախոյեան Պարսելոնա հիւրը եղաւ Վալենսիայի:
Թէեւ դաշտին տէրը 2-րդ վայրկեանին իսկ բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն 23-րդ վայրկեանը Լիոնել Մեսսի եկաւ նշանակելու Պարսայի հաւասարութեան կոլը:
Այսպիսով, մրցումը աւարտեցաւ այդպէս, եւ Պարսելոնա պարագլուխի դիրքը զիջեցաւ Սեւիլլային:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, Ալաւես յաջողեաւ յաղթանակ մը արձանագրել իր հիւրին` Ռէալ Մատրիտի դէմ, 1-0 արդիւնքով:



