Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կ՛աշխատինք 40 Հազար Սուրիացի Տեղահանուածներ Քուսայր Վերադարձնել» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

October 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթավերջին կատարած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն 40 հազար սուրիացի տեղահանուածներ վերադարձնելու Քուսայր` շարք մը հաշտութիւններ գոյացնելէ ետք:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ հակառակ այն իրողութեան, թէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին կան քաղաքական տարբեր կարծիքներ ու տեսակէտներ, սակայն այդ տարակարծութիւնները բնաւ պատճառ չեն դարձած, որ տեղահանուածներու տունդարձը կասեցուի, ընդհակառակն` անիկա գրեթէ նոյն թափով կը շարունակուի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք վարչապետ Սաատ Հարիրի կը մերժէ՞ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը, Իպրահիմ ըսաւ. «Չեմ կարծեր, որ վարչապետ Հարիրի սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձով հարց կ՛ունենայ, այնքան ատեն որ տունդարձը կը կատարուի տեղահանուածներուն կամքին համաձայն եւ կատարեալ անվտանգութեան մթնոլորտի մէջ»:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ եթէ նոյնիսկ սուրիական իշխանութիւնները բոլոր տեղահանուածներուն տունդարձ կատարելու կոչ ուղղեն, ատիկա պիտի չկատարուի` մինչեւ որ սուրիական իշխանութիւնները համաներում յայտարարեն, որովհետեւ սուրիացի տեղահանուածներու շարքին մեծ է թիւը անոնց, որոնք մտահոգ են, թէ հետապնդումի կրնան ենթարկուիլ:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն 40 հազար սուրիացի տեղահանուածներ Քուսայր վերադարձնելու նպատակով` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի աշիրեթներուն միջեւ հաշտութիւն գոյացնելու եւ ապահովելու 40 հազար տեղահանուածներուն տունդարձը:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, թէ ինք մտահոգ չէ, որ Իտլիպի բախումները կրնան տեղահանուածներու հսկայ ալիք մը պատճառել` ընդգծելով, որ ինք համոզուած է, թէ Իտլիպի հարցէն ետք Սուրիոյ տագնապը լուծման պիտի յանգի:

Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք Յորդանան այցելած է Նասիպի անցքին բացումին նպատակով եւ սուրիական իշխանութիւններուն հետ կը համադրէ այդ անցքէն լիբանանցի երկրագործներուն փոխադրութեան կարելիութիւնները: Ան ըսաւ, թէ այս իրաւասութիւնը ինք ստացած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն:

Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր հսկողութեամբ եւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու պատասխանատու գերագոյն յանձնախումբին գործակցութեամբ, շաբաթ, 6 հոկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ 93 սուրիացի տեղահանուածներ վերադարձան Սուրիա` Ժտէյտեթ Եապուսի եւ Զամարանիի անցքերէն:

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ստուգեցին բոլոր վերադարձողներուն փաստաթուղթերը` ապահովելու համար  տեղահանուածներուն հեզասահ վերադարձը:

Նշենք, որ այս տարուան ընթացքին 50 հազար սուրիացիներ տունդարձ կատարած են:

 

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ. Շաապան Կը Քննարկէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Պըրրի Շնորհաւորեց Սուրիոյ Եւ Եգիպտոսի Նախագահները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.