Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զահլէի Մէջ Ընդհարում` Երեսփոխան Միշել Տահերի Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Հետեւորդներուն Միջեւ

October 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զահլէի մէջ անցեալ շաբաթավերջին արձանագրուեցաւ ընդհարում մը` երեսփոխան Միշել Տահերի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետեւորդներուն միջեւ:

Ընդհարումը արձանագրուեցաւ, երբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետեւորդներ Ֆըրզոլի մէջ ուղղուեցան երեսփոխան Միշել Տահերի զաւկին բնակարանին մօտ եւ փորձեցին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած յուշարձան մը զետեղել: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամներ շեշտեցին, որ արձանագրուած են կրակոցներ:

Դէպքին վայրը փութացին ապահովութեան ուժեր, որոնք փորձեցին կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել: Ձերբակալուեցան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան 6 անդամներ, որոնք աւելի ուշ ազատ արձակուեցան:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետեւորդներ եւ համակիրներ երէկ կէսօրէ ետք Զահլէի փողոցներուն մէջ ինքնաշարժներով եւ Լիբանանեան ուժերու դրօշակներով շրջեցան` զօրակցութիւն յայտնելով Ֆըրզոլի մէջ ապրող Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետեւորդներուն:

Կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Միշել Տահեր եւ անոր զաւակը` Ժորժ Տահեր արգիլած են Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամ երիտասարդներուն զետեղել կուսակցութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանը:

Երէկ կէսօրէ ետք Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխաններ Ժորժ Օքէյս եւ Սեզար Մաալուֆ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեցին կացութիւնը հանդարտեցնելու եւ ազատ արձակելու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետեւորդները:

Օքէյս շեշտեց, որ Ֆըրզոլի մէջ պատահածը բառին բուն իմաստով դատապարտելի է` աւելցնելով, որ իրենք քաղաքապետութենէն արտօնագիր ստացած են` այդ յուշարձանը զետեղելու համար:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը յանձնառու կը մնայ օրէնքին` հաստատելով, որ յուշարձանը զետեղելու իրենց իրաւունքէն պիտի չզիջին:

Մաալուֆ իր կարգին շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան այդ յուշարձանը զետեղելու իրենց իրաւունքին` աւելցնելով, որ հարցը պիտի լուծուի իմաստուն որոշումով եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ:

Իր կարգին, երեսփոխան Տահեր Ֆըրզոլի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ ինք կը մերժէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յուշարձանը իր ընտանիքին բնակարանին դիմաց կանգնեցնել, որովհետեւ հարցը վերածուած է մարտահրաւէրի եւ «գլուխ կտրելու» կեցուածքի` գերազանցելով յուշարձան մը ըլլալու հարցը, «իսկ Միշել Տահերի գլուխը կարելի չէ կտրել», ըսաւ ան:

Միշել Տահեր ցաւ յայտնեց պատահարին համար` շեշտելով, որ իրենք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նահատակներուն յիշատակին հետ հարց չունին, սակայն կը մերժեն իրենց բնակարանէն 10 մեթր անդին զետեղել այդ յուշարձանը, ինչպէս նաեւ կը մերժեն գիւղաքաղաքը վերադարձնել 1976-ի օրերուն:

Տահեր յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերու ստացած արտօնագիրը պայմանական էր եւ քաղաքապետին կողմէ անիկա կասեցուած է, ու նահանգապետը տեղեակ պահուած է կասեցումին մասին: Ան նշեց, որ ինք այցելած է Ապլահի զօրանոց եւ երեսփոխան Սեզար Մաալուֆի հետ խորհրդակցած, որպէսզի ձերբակալեալները ազատ արձակուին:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին, որ հասած էր դէպքին վայրը, այլապէս` կրնար աղէտ պատահիլ:

«Յուշարձանը կարելի չէ զետեղել, երբ մարդիկ կը մերժեն զայն», ըսաւ Տահեր` հերքելով դէպքին պահուն կրակոցի արձակման մասին լուրերը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մոսկուայի Մէջ. Շաապան Կը Քննարկէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.