Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն շրջանաւարտ Սարգիս սրկ. Աճեմեան կիրակի, 7 հոկտեմբեր 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ քահանայ ձեռնադրուեցաւ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի` ցնծութիւն պատճառելով հաւատացեալ ժողովուրդին: Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Սարգիս սարկաւագին կոչման արարողութիւնը` յետ երեկոյեան ժամերգութեան: Քահանայական ձեռնադրութեան խարտաւիլակն էր Օշին աբղյ. Չուալերթանեան:
Կիրակի օր եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Մեղրիկ եպս. Բարիքեան: Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան սպասարկեց Ս. պատարագին: Ս. պատարագի հոգեզմայլ շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց համանուն եկեղեցւոյ դպրաց դասը: Հաւատամքէն առաջ, Սարգիս սարկաւագ ծնրադիր բարձրացաւ Ս. խորան սաղմոսներու ընթերցումով: «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի երգեցողութեան ընթացքին ան իր ձեռքերը ականջին ետեւ տանելով դէպի ժողովուրդը դարձած աշխարհէն իր հրաժարումը կատարեց: Ապա Մեղրիկ սրբազան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միւռոնով օծեց Սարգիս սարկաւագին ճակատը, աջ ու ձախ ձեռքերը` վերանուանելով տէր Սամուէլ քահանայ:
Հուսկ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան յաւուր պատշաճի քարոզեց: Ան նշեց, որ ուխտով եւ աղօթքով ծնած զաւակի մը կեանքին ընդմէջէն բոլորս ալ կը վերափոխուինք Աստուծմով եւ կատարելութեան հասնելու փափաքով կը ջերմանանք: Ան մեր գոյութեան ցուցանիշն է: Մեղրիկ սրբազան լուսարձակի տակ առաւ անզաւակութեան համար անարգուած մօր` Աննայի աղօթական եւ ողբալից կեանքը: Ան նշեց, որ Աստուած կը լսէ Աննային աղօթքը եւ զաւակ մը կը շնորհէ անոր: Աննա իր զաւակը կ՛անուանէ «Սամուէլ», որ կը նշանակէ Աստուծմէ լսուած կամ խնդրուած: Սամուէլի ծնունդով Աստուած մեզի յոյս կը ներշնչէ: Աստուածաշունչ մատեանը կը վկայէր, որ Սամուէլ Տիրոջ առջեւ պաշտօն կը կատարէր, մանուկը օրէ-օր կը մեծնար եւ մարդոց ու Աստուծոյ հաճելի էր:
Այսօր Աստուած խօսեցաւ այս եկեղեցւոյ մէջ, Սարգիս սարկաւագ լսեց Տիրոջ ձայնը եւ Աստուծոյ ծառայութեան իր ուխտը կատարեց: Սրբազան հայրը մաղթեց, որ նորաօծ քահանան Սամուէլ աղօթասացի նման անդադար աղօթող ըլլայ: Սրբազան հայրը իր խրատական խօսքը ուղղելով տէր Սամուէլին յայտնեց, որ իր քահանայական օծումը եւ աստուածընկալ շնորհընկալումը իրեն տրուեցաւ Ս. միւռոնով: Ապա յայտնեց, որ ան ժողովուրդի զաւակներուն պիտի սորվեցնէ բոլոր այն պատուիրանները, որոնք Աստուած տուաւ: Ան կոչ ուղղեց հաւատքով աղօթելու, որպէսզի հիւանդները առողջանան: Ուսուցիչ ըլլալու համար պէտք է մնայուն աշակերտ ըլլալ: Սամուէլ մարգարէն իբրեւ գերազանցապէս թագաւոր եղաւ այն քաղցրաձայն տատրակը, որ իր ժողովուրդը ապաշխարութեան հրաւիրեց: Մեղրիկ եպիսկոպոս իր խօսքը ուղղելով հաւատացեալներուն յայտնեց, որ հովիւին ձախողութիւնը կամ յաջողութիւնը իրենցմէ կախեալ է: Ան նշեց, որ պէտք է աղօթել բոլոր հովիւներուն համար, որպէսզի օծումով անոնց ստացած Ս. հոգին արժանաւորապէս պահեն: Իր խօսքը ուղղելով երէցկնոջ` սրբազանը յորդորեց, որ ան առաքինի կեանքով քահանայ հօր կողքին ըլլայ եւ բարեպաշտական կեանք ապրի:
Իր խօսքի վերջին բաժինով սրբազանը նշեց, որ Սամուէլ վերանուանումը պատահական չէ: Քահանայ հայրը օրինակելի տիպարը եւ կերպարը պէտք է ըլլայ:
Այնուհետեւ ձեռնադրող եպիսկոպոսը եւ հոգեւորականները «Ողջոյն» շարականի երգեցողութեան առընթեր համբուրեցին Սամուէլ քահանային ճակատը եւ ձեռքերը, ու շարունակուեցաւ Ս. պատարագը:
Ս. պատարագի աւարտին հաւատացեալները իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին նորաօծ քահանային: Իսկ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ թաղականութեան կողմէ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Սամուէլ քահանան քառասնօրեայ աղօթքի ու խոկման շրջան մը պիտի անցընէ, որուն աւարտին պիտի մատուցէ անդրանիկ Ս. պատարագը եւ կարճ ատեն պիտի ծառայէ Լիբանանի թեմին մէջ: Ապա քահանայ հայրը պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ` ծառայելու Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմին մէջ:




