Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց Զբօսաշրջութեան Նախարարն Ու Լիբանանի Գեղեցկութեան Թագուհին

October 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի 2018-ի գեղեցկութեան թագուհի Մայա Ռաայտիի:

Նախագահ Աուն շնորհաւորեց Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհին անոր արձանագրած յաղթանակին առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` իր ստանձնելիք պատասխանատուութիւններուն մէջ:

Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ արտաքին մակարդակի վրայ Մայա Ռաայտի Լիբանանի փայլուն պատկերը կը ներկայացնէ ամբողջ աշխարհին, իսկ ներքին լիբանանեան մակարդակի վրայ կը ծառայէ ընկերային եւ մարդասիրական նպատակներու իրագործումին:

Իր կարգին, Ռաայտի յայտնեց, որ ինք պիտի հետապնդէ լիբանանցի կնոջ իրաւունքներուն հարցը եւ պիտի պաշտպանէ զանոնք, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գեղեցկութիւնը պիտի ներկայացնէ Աշխարհի գեղեցկութեան թագուհիի յատուկ մրցանքին:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Մեքսիքոյի լիբանանեան գաղութի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ գաղութի ներկայացուցիչ Այուպ Պուերիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտ, Լիբանանի մէջ Մեքսիքոյի դեսպան Խոսէ Ինիասիօ եւ Մեքսիքոյի մէջ Լիբանանի դեսպան Սամի Նմէյր:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի եւ արտերկրի լիբանանցիներուն միջեւ մնայուն կապը առկայ է` հաստատելով, որ արտերկրի լիբանանցիները իր գործունէութեան գլխաւոր նպատակներէն են:

Ան աւելցուց, որ արտերկրի լիբանանցիները Լիբանանի համար յաւելուած արժէք են եւ հիմնական նեցուկ:

Ան շեշտեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն իրաւունքները յարգող օրէնքներու մշակումը, յատկապէս լիբանանեան երեսփոխանական ընտրութիւններուն անոնց մասնակցութեան ապահովումը յստակ փաստեր են, որ ներկայ իշխանութիւնը արտերկրի լիբանանցիները իր թեւերուն տակ կ՛ուզէ առնել:

 

Նախորդը

«Հաւանաբար Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթի Վերջին Փուլին Մէջ Ըլլանք, Եթէ Ճշգրիտ Չափանիշները Որդեգրենք» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

Յաջորդը

Նաքուրայի Մէջ. Արտաքին Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Հաստատեց Միջազգային Օրինականութեան Եւ Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Իր Կառչածութիւնը

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.