Երէկ` կիրակի, տեղի ունեցան Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի վերջին մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովող խումբերը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ երկարաձգումէն ետք 58-55 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Մութթահետի դէմ (չորս քորթըրները աւարտեցան 52-52), ապահովեց ֆայնըլ-ֆորի իր տոմսը, ուր կը մրցի Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ:
Միւս ճակատումին, իրարու դէմ կը մրցին` Անուար եւ «Եու. Էս. Ճի.»:
ՀՄԸՄ Պէյրութ չկրցաւ անցնիլ յաջորդ հանգրուան` պարտութիւն մը կրելով Անուարէն (55-52):



