Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հովանաւորութեամբ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ 2018-2019 տարեշրջանի Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհիի ընտրութիւն:
Դատական կազմին (որուն մաս կը կազմէր լիբանանահայ յայտնի երաժիշտ Կի Մանուկեան) գնահատականին եւ դիտողներուն քուէարկութեան հիման վրայ Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի ընտրուեցաւ Մայա Ռաայտի:
Հանդիսութիւնը ուղղակիօրէն պատկերասփռուեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն:



