Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Հոկտեմբեր 1968)

October 1, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուրացումը Զէնք Մը Չէ

Դաշնակցութեան անցեալի դերն ու մեր օրերու հանրային ծառայութիւնը ժխտելու հիւանդագին մարմաջէն տարուած գրիչներ, հայրենիքի կուսակցական պաշտօնէութեան թէ արտասահմանի հակադաշնակցական ճակատի շարքերուն մէջ, առիթ չեն փախցներ իրողութիւններ եւ ճշմարտութիւններ ճմռթկելու` ընդդիմախօսելու կամ «պայքար»-ելո՜ւ սիրոյն:

Եթէ փորձէք ճշդել պատճառը այն բարդոյթին, որմէ կը տառապին Կոմկուսի շօշափուկները (Երեւանի մէջ) եւ հակադաշնակցական կոյր ատելութեան ախոյեանները (արտասահմանի մէջ), ի վերջոյ կը յանգիք այն եզրակացութեան, որ ախտին արմատը անհանդուրժողութիւնն է, չըսելու համար` կոյր ուրացումի եւ թանձր կամակորութեան այն գիծը, որով կը յատկանշուին գաղափարական կեցուածքէ եւ աննախապաշար ոգիէ պարպուած մարդիկ:

Դաշնակցութեան «ճերմակ»-ը անպայման… սե՜ւ է անոնց համար, սեւը` ճերմակ: Ամէնէն ընդհանրական եւ անառարկելի ճշմարտութիւններն իսկ վիճելի կամ կասկածելի կը դառնան, երբ Դաշնակցութեան կամ դաշնակցական մարդուն կողմէ կը ներկայացուին: Ամէնէն անքաւելի ոճիրն իսկ կ՛արդարանայ, երբ մեղապարտը հակադաշնակցական է: Ամէնէն մարդկային սխալը կամ թերութիւնն իսկ ոճիր կը դառնայ, երբ ենթական համակիր մըն է Դաշնակցութեան:

1937-1938-ական թուականներուն, երբ ստալինեան մանգաղը կը հնձէր հայ մտաւորականութեան ընտրանին, ու Չարենցի, Բակունցի եւ Թոթովենցի նման գրողներ կը զգետնուէին անմարդկային դաժանութեամբ, հակադաշնակցական մամուլ եւ կազմակերպութիւններ ոճի՛ր կը հռչակէին Դաշնակցութեան անկեղծ ու քաջ կեցուածքը` համայնավարական խուժդուժութիւններուն դէմ: Չարենցները «ախտավարակ» եւ «մոլութեանց մէջ փճացած» խլեակնե՜ր էին, ու 200-ի մօտ բնաջնջուած կամ երկարատեւ աքսորի դատապարտուած գրագէտներն ու հանրային գործիչները` «դաւաճան»-ներ: Չեկայի կողմէ խեղդամահ սպաննուած հոգելոյս Խորէն կաթողիկոսը… «բնակա՜ն մահուամբ» մահացած էր ու դաշնակցական մամուլը պարզապէս սո՜ւտ կը խօսէր:

1946-1948-ական թուականներուն, երբ Դաշնակցութիւնը կը յիշեցնէր, որ յայտարարուած ներգաղթը համապատասխան չէ հայրենադարձի պարտադրած լրջութեան ու չի նպաստեր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազգային եւ քաղաքական շահերուն, հակադաշնակցական մախանքով թունաւոր հոգիներ բառ չէին գտներ մեր «հակահայաստանեան»-ութի՜ւնը խարանելու համար:

Աւելիին պէտք չկայ, կը կարծենք, գէթ մօտաւոր անցեալի այս օրինակներով հաստատելու համար, որ ամէնէն աղաղակող ճշմարտութիւններն իսկ կը վերածուին… առասպելի, յերիւրանքի եւ անհիմն ամբաստանութեան, երբ Դաշնակցութեան կողմէ կը ներկայացուին:

Հիմա որ քսան կամ երեսուն տարիներ անցած են, եւ ճշմարտութեան վրայ ծեփուած ցեխը փոշիացած ու անհետացած է, երէկուան մեր առիւծները… կատու դարձած են: Ո՛չ իսկ կատու, այլ` համր ու մունջ ձո՜ւկ…

Կը թուի, տարաբախտօրէն, որ Երեւանի թէ արտասահմանի այս երդուեալները փորձառութենէ օգտուիլը եւս անիմաստ ողջմտութիւն կը նկատեն: Գետը ինկող մարդուն պէս, որ կը մերժէ ընդունիլ, թէ «ցորենը գերանդիով կը հնձեն» եւ ո՛չ թէ… «մկրատով», մեր հակառակորդները եւս, իրենց այլեւս բացորոշ սխալները եւ անտեղի պնդումները ուղղելու անընդունակ, նաե՛ւ ճկուն եւ փոքրացած` յաչս հանրային կարծիքի եւ պատմութեան, կը շարունակեն նոյն յանկերգով եւ յամառ ունակութեամբ շարժիլ:

Հետեւողաբար Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան նորահնար այն վարկածին, թէ… Սարդարապատի հերոսամարտին մէջ Դաշնակցութիւնը դրական ո՛չ մէկ դեր ունեցած է, համաձայն չէ՜ եղած հայ ժողովուրդի տարերային գոյամարտին, սակարկութեա՜ն նստած է թուրքին հետ` անձնատուր ըլլալու կամ նուաստ համաձայնութիւն մը կնքելու համար, եւ թէ` մայիսեան արշալոյսը ու ձեռք բերուած անկախութիւնը իրագործուած է ի հեճուկս այս խաղերուն ու դաւերուն, արտասահմանի հակադաշնակցական մամուլը եւս ձեռնարկած է «պատմահետազօտական» խեղկատակութեան մը, զոր որակելու կը դժուարանանք, եւ որուն պատասխանելու փորձն ալ կը նկատենք նախատինք մեր նոյնի՛նքն պատմութեան, որ պաշտպանութեան անկարօտ միակ ճշմարտութիւնն է` ինքզինք ամէնէն ապերախտ ու անդիմագիծ խարդախողին իսկ պարտադրելու ուժով եւ պայծառութեամբ:

Կը մոռնա՜ն թերեւս, որ հայ ժողովուրդի եւ Դաշնակցութեան այդ ամէնէն ճգնաժամային օրերուն, երբ Սիլիկեանները, Դրոներն ու Փիրումեանները (սրտագին ձայնակցութեամբ Գէորգ Ե. կաթողիկոսի) կոչ կ՛ուղղէին հաւաքաբար կուրծք տալու «Աննիպալին», այսօրուն ուտող-ուրացողները յորդոր կ՛ուղղէին «եղբա՜յր թուրքին դէմ զէնք չբարձրացնելու»: Կը մոռնան նաեւ, որ հայ ժողովուրդին արիւնով եւ Դաշնակցութեան մտքով ու բազուկով կերտուած հանրապետութիւնը խեղդամահ քայքայողները եղան նոյնինքն «եղբայր այդ թուրքերը» եւ «եոլտաշ ու դաշնակից պոլշեւիկները»…

Եթէ իրենք կը մոռնան, հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը եւ իր մտաւորականութիւնը, սակայն, գարշանքով կը մերժեն այս կարգի աճպարարական փորձեր: Ինչպէս երէկ, յիսուն տարի առաջ, նոյնպէս եւ այսօր կը հաւատանք ուժգնօրէն, որ հայրենիք եւ հայութիւն վեր կը մնան այս ձեւի վատութիւններէ եւ ուրացումներէ: Եւ ո՛չ միայն կը ձգտին սրբագրել երէկուան սխալը եւ աղաւաղումները, այլեւ ճամբայ կը հարթեն ամբողջական ճշմարտութեան: Ինչպէս արդարօրէն եւ անհրաժեշտ պաղարիւնով կը մատնանշէր մեր «Ազդակ»-ի աշխատակիցներէն` Ն. Տէրունեան, մայիս 28-ի նախօրեակին, վաղորդայնին եւ ընդհանուր կերպով Հայաստանի անկախութեան կերտումի պատմական ճշմարտութեան առջեւ ո՛չ մէկ ուրացում եւ փոքրոգութիւն կը տոկայ, եւ մենք մղուած ենք հաւատալու, որ այսօր խեղաթիւրուած ու գիտակցաբար անտեսուած մանրամասնութիւնները եւս բաց լոյսին պիտի գան մօտաւոր ապագային: Կու գա՜ն արդէն` օրէ օր, քայլ առ քայլ, բայց` ապահո՛վ:

Մեզ կը մտահոգէ պարզապէս մարդոց մանրախնդիր եւ ախտագին վերաբերո՛ւմը, նոյնիսկ` պատմական ճշմարտութիւններու հանդէպ: Մինչ տարրական պարկեշտութեան տէր մարդն իսկ կանգ պէտք էր առնէր հո՛ն, ուր իրեն համար փորձութիւնը կը սկսի նուիրական թուականներու եւ պատմական անառարկելի իրագործումներու հետ խաղալու…

ՄԻՆԱՍ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պեթի Քեչեճեան Լուսանկարչական Առաջին Մրցանակ Կը Ստանայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.