Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Սեպտեմբեր 1968)

September 29, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Փիւրկաթուար»-ի Ահաւոր Աղէտը

3 Զոհերէն Մէկն Է Լիբանանի
Թիւ 1 Բեմադրիչը` Կերի Կարապետեան

Ծանր Ու Թեթեւ Վիրաւորներուն Թիւը Կը Հասնի 24-Ի

Հազմիէի «Փիւրկաթուար» («Քարաւան») սթերիոյին ողբերգութիւնը սուգի մատնեց Լիբանանը: Երեք զոհերուն մէջ կը գտնուի լիբանանահայ երիտասարդ բեմադրիչ Կերի Կարապետեանը (բուն անունով` Կարապետ Պետիկեան), 32 տարեկան, որ կը հանդիսանայ լիբանանեան շարժանկարին առաջին նահատակը: Ականատես վկաներու համաձայն, Կերին մինչեւ վերջին վայրկեանը մերժած է հեռանալ սրահէն` նախ ուզելով փրկել իր խումբին միւս անդամները: Այս ասպետական վերաբերումը պատճառ դարձած է հայ երիտասարդին մահուան, որուն հերոսական կեցուածքը այսօր կը դրուատուի լիբանանեան բոլոր թերթերուն կողմէ:

Երէկ կէսօրէ ետք Ալէյի մէջ տեղի ունեցաւ հէգ Կերիին յուղարկաւորութիւնը: Ալէյի երիտասարդութիւնը ուսամբարձ տարաւ Կերին իր վերջին հանգստարանը: Ամբողջ գիւղաքաղաքը յուզումի մատնուած էր:

Երկրորդ զոհն է ֆիլմարտադրիչ Էտմոն Նահասը (նախկին տէրը Գահիրէի «Նահաս» սթիւտիոներուն), որ «Ալ Ասրի» սթիւտիոյին տէրն էր ներկայիս: Երրորդ զոհը` Նեժիպ Հատտատը կ՛աշխատէր «Ալ Ասրի» սթիւտիոներուն մէջ եւ մեռաւ այրուցքներու պատճառով, հիւանդանոցին մէջ: Առաջին երկուքը մեռած էին արդէն «Փիւրկաթուար»-ի մէջ, հեղձամահ ըլլալով:

Երէկ ամբողջ օրը Լեռնալիբանանի վերաքննիչ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ուաժիհ Քարամը մնաց դէպքին վայրը` անձնապէս վարելու համար քննութիւնները, օժանդակութեամբ դատաբժիշկ  Հանրի Սաապին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան մասնագէտներուն: Երէկ իրիկուն, մասնագէտները կրցան ճշդել աղէտին պարագաները:

Իր յարմարութիւններուն պատճառով «Փիւրկաթուար» սթերիոն ընտրուած էր` դարձնելու համար կարգ մը տեսարանները «ԲՈԼՈՐՍ ՖԵՏԱՅԻՆԵՐ ԵՆՔ» ժապաւէնին, որ կու տայ պատմութիւնը խումբ մը արաբ ֆետայիներու, որոնք իրենցմէ մէկուն կողմէ մատնուելով` կը սպաննուին իսրայէլացիներէն: Դաւաճանը, զղջումի եկած, կ՛ուզէ ինքզինք փրկել` օդը հանելով սիոնական ոստիկանատուն մը: Գլխաւոր դերակատարներն էին` Ղասսան Մաթար, Սամի Աթթար, Ժոզեֆ Նանօ (արաբ ֆետայիներու դերին մէջ) եւ Պերճ Ֆազլեան (հրեայ սպայի մը): Սթերիոյին մէջ Կարապետեանին դարձուցած տեսարանը պիտի ներկայացնէր Թել Աւիւի զբօսավայրերէն մէկը օդը հանելու դրուագը: Ֆիլմարտադրիչը պայթուցիկները գնած էր Իտալիայէն:

Տեսարաններէն մէկուն ընթացքին արաբ ֆետայի մը ձեռնառումբ մը պիտի նետէր իսրայէլեան այս զբօսավայրին վրայ` սպաննելով բոլոր յաճախորդները: Յիսունի մօտ անձեր, դերասան եւ երիտասարդ, կը գտնուէին պարի փիսթին վրայ, լուսարձակներու լոյսին տակ, երբ պայթեցաւ ձեռնառումբը, որ սկզբունքով լեցուած էր անվնաս սեւ վառօդով:

Պայթումէն ետք բոլորն ալ գետին պէտք է իյնային` ձեւացնելով, թէ մեռած են: Այդ պահուն էր, որ աղաղակ մը լսուեցաւ: «Մուտքի դուռը կրակ առած է», կը պոռար մէկը: Իսկոյն խուճապ ստեղծուեցաւ, եւ բոլորն ալ սկսան զիրար հրմշտկել` փախչելու համար: Բայց բոցերը աւելի արագ տարածուեցան, որովհետեւ տեքորները դեռ նոր ներկուած էին իւղաներկով:

Կրակի մէջ, ծուխէն կուրացած, բոլոր ներկաները հեղձամահ ըլլալու կամ այրելու վտանգի տակ էին: Գրեթէ հնարաւորութիւն չկար անձնական միջոցներով փրկուելու: Այդ պահուն ժամը 23:30 էր: Բայց քառորդ ժամ ետք Պէյրութի հրշէջները հասան դէպքին վայրը: Քաջութեամբ եւ տիրականօրէն գործի լծուեցան եւ յաջողեցան զսպել բոցերը ու սահմանափակել աղէտը:

Մասնագէտին համաձայն, որուն պարտականութիւն տրուած է ճշդելու հրդեհին պատճառները, ձեռնառումբը պայթելով կտրած է ելեկտրական թել մը, որ կայծ արձակած է` կրակի տալով տեքորի կտոր մը: Ներկաներէն ոչ ոք անդրադարձած է:

Երեք մեռեալները փոխադրուած են Քարանթինայի հիւանդանոցը, ուր ընտանեկան պարագաները գացած են անոնց ինքնութիւնը ճշդելու համար: Իսկ վիրաւորները փոխադրուած են քաղաքին զանազան հիւանդանոցները:

Վիրաւորներն են. Խալիլ Ապպուտ` երեւորդներու յատուկ ապահովագրական գրասենեակի մը տէրը, Քամալ Հաւա` ոստիկանական նախկին քննիչ, Ֆարսոն Ֆըստըքժի` արտադրութեան տնօրէն, Սամի Մաալուֆ` դերասան, Էլի եւ Փոլեթ Ղոսն` սթերիոյի տիրոջ` Սիմոն Ղոսնի զարմիկները (Սիմոն եւ եղբայրը` Ժորժ նոյնպէս վիրաւորուած են), Սարգիս Քոզանեան` օգնական-քամերամեն, Կեպի Ուիլիըմ Մալլուք, Ժորժ Համամժի, Ալպեր Վերսան` երեւորդներ, Սալահ Մերսի Իտրիս եւ կինը` Թերեզ, Սամի Աթթար, Մոնա Սլիմ, Սալահ Խէյրաթի, Սուատ Մերաապի, Սիւզան Գասարճեան, Մուսթաֆա Ժաուատ Ալ-Մուսթաֆա եւ կինը` Լուիզ, Ֆրանսուա Ապտօ Ֆեղալի, Մոհամետ Նայեֆ Էլ-Քիս, Խալիլ Ապպուտի, Էլիաս Սաքր, Ալի Ալլամ, Սամիր Ապու Սայիտ, Էտկար Զահեր, Ժան Նագգաշեան, Մոհամետ եւ Նըմըր էլ-Պաշա, Ալի Աթթար, Քաուսար Ռամատան եւ Աֆիֆ Եասին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վերամուտ Է Աշխարհի Տարածքին (Բ. Մաս)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.