Երէկ` չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Տար Պայտաա (Մարոք) մեկնեցաւ Սալամ Զղարթայի պատուիրակութիւնը, որ մրցում մը ունի կատարելիք Ռաժաա Պայտաուիի դէմ, Արաբական ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Երթին մարոքեան խումբը Մըրտաշիէի դաշտին վրայ (Զղարթա) 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Լիբանանեան կազմին համար յաջորդ հանգրուան հասնիլը այդքան ալ դժուար չէ, անշուշտ եթէ կարենայ նուազագոյնը 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել:
Լիբանանեան այլ կազմ մը` Նըժմէ, այսօր իր կարգին 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ կը հիւրընկալէ եգիպտական Ահլին:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:30-ին:
Երթին Նըժմէ յաղթանակի համազօր հաւասարութիւն մը արձանագրեց Եգիպտոսի մէջ:
Այսօրուան մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Սէուտական Արաբիայէն:



