Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ Կռիւ` Բանակին Եւ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ

September 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ խուզարկումի եւ հսկողութեան միջոցառումները կասեցուեցան` իբրեւ հետեւանք օդակայանին մէջ ծառայող ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ օդակայանի ապահովութեան պատասխանատուին միջեւ արձանագրուած կռիւին, որուն պատճառն էր այն, որ օդակայանի ապահովութեան պատասխանատու բանակայինները միջամուխ կը դառնան խուզարկումի աշխատանքին:

Կռիւին պատճառով բանակայինները հեռացուցին ներքին ապահովութեան ուժերը եւ փորձեցին ստանձնել խուզարկումի կէտերուն պատասխանատուութիւնը, ինչ որ պատճառ դարձաւ ճամբորդներու աշխատանքի բարդացումին եւ ապա քաղաքացիական օդանաւորդութեան կասեցումին:

Կարճ ժամանակ ետք յայտնուեցաւ սակայն, որ ներքին ապահովութեան ուժերը վերադարձած են խուզարկումի իրենց կէտերը ստանձնելու եւ բանակի` օդակայանի ապահովութեան հսկող կառոյցը հեռացած է այդ կէտերէն:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք փութաց օդակայան, ուր շրջեցաւ եւ ստուգեց կացութիւնը:

Մաշնուք շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարը պատասխանատու է օդակայանի ապահովական բոլոր կառոյցներուն` աւելցնելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ արձանագրուած է թիւրիմացութիւն մը, եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն միջեւ քինախնդրութիւն չկայ, այլ արձանագրուած է թիւրիմացութիւն մը, որ լուծուած է:

Մաշնուք հանդիպում մը ունեցաւ օդակայանի ապահովութեան պատասխանատու Ժորժ Տումեթի հետ եւ հաստատեց, որ նման կռիւ պիտի չկրկնուի` աւելցնելով, որ օդակայանին պատասխանատուութիւնը հերետիկոսութիւններու դուռ կը բանայ, հետեւաբար պէտք է նուազագոյն չափով համաձայնութիւններ գոյացնել:

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Լիբանանին Կարելի Է Օժանդակել` Արագացնելով Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծումը»

Յաջորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութենէն Ետք, Խորհրդարանը Իր Հսկողութիւնը Պիտի Խստացնէ Եւ Յաճախ Հաշուետուութեան Կանչէ Զայն»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.