Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Երոպական Միութիւն-Հայաստան գործընկերութեան կոմիտէի առեւտուրի հարցերով առաջին նիստին յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները միութեան կողմէ կը դիտուին իբրեւ հզօր յառաջընթաց: Ըստ անոր, Եւրոպական Միութիւնը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի նոր կառավարութեան կողմէ ճշդումը նոր առաջնահերթութիւններու, որոնք լծակ են առեւտուրի ոլորտին մէջ նոր յարաբերութիւններու ստեղծման: Ան աւելցուցած է, որ ակնարկութիւնը յատկապէս փտածութեան դէմ պայքարին է, որ ամէն տեղ ալ իսկական հարց է ներդրողներուն համար, իսկ Հայաստանի մէջ զայն յաղթահարելով երաշխիք կը տրուի, որ Եւրոպական Միութեան գործընկերները աւելի հետաքրքրուին եւ իրենց պիզնեսները հիմնեն Հայաստանի մէջ:
Երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը, ըստ անոր, դատաիրաւական համակարգի անկախութեան ապահովումն է: «Ատիկա հզօր գործիք է եւ ներդրողին ապահովութիւն կը ներշնչէ: Մենք կը կարծենք, թէ այն առաջնահերթութիւնները, զորս ճշդած է Հայաստանի նոր կառավարութիւնը, ներկայիս կը բաւարարեն առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտին մէջ զարգացման շահերը: Ներկայիս կառավարութիւնը լաւապէս գիտէ ի՛նչ պէտք է ընել, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ աւելի լաւ ներուժ ունենալու: Մենք կը փափաքինք այս երկրին մէջ աւելի շատ եւրոպական ներդրում տեսնել: Ատիկա չի նշանակեր, որ դէպի Հայաստան դրամի հոսքը պիտի աւելնայ, ո՛չ, դրամը երկրորդական է, որովհետեւ Եւրոպական Միութենէն ներդրումը իրեն հետ պիտի բերէ գիտելիքներ, արհեստագիտութիւն, կառավարման մշակոյթ, աւելի լաւ կամուրջներու ստեղծում համաշխարհային զարգացման հետ», աւելցուցած է Փիոթր Սվիթալսքի:
Դեսպանը դիտել տուած է, որ ասիկա այս տարողութեամբ առաջին ժողովն է` Հայաստանի մէջ գումարուող, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի մէջ փոփոխութիւնները սկսած են: Ըստ անոր, նկատի առնելով այն, որ Եւրոպական Միութիւնը այս նիստին մեծ պատուիրակութեամբ եկած է Հայաստան, այս կը նշանակէ, որ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի Հայաստանի հետ առեւտրական կապերուն: Ան աւելցուցած է, որ հեռանկարային իմաստով Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի համար մեծագոյն շուկան է, երկրորդ մեծագոյն գործընկերն է ներմուծման տեսակէտէ, երկրորդ մեծ ներդրողն է Հայաստանի մէջ:
Փիոթր Սվիթալսքի լուսարձակի տակ առած է այն, որ առեւտրական յարաբերութիւնները թէեւ կը զարգանան, սակայն զարգացման աւելի մեծ ներուժ կայ, եւ անիկա պէտք է օգտագործուի: Հայաստան-Եւրոպական Միութեան համաձայնագիրով, ըստ անոր, կան առեւտուրի ազատականացման համար յատուկ դրոյթներ: Բայց ատոր համար Հայաստան նախ պէտք է բարելաւէ իր օրէնսդրութիւնը, աւելի լաւ կարելիութիւններ ստեղծէ ներդրողին համար, բարեփոխումներ կատարուին պետական գնումներու, սպառողներու շահերու պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ, որպէսզի աւելի գրաւիչ դառնայ:



