Երէկ կէս գիշերին լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատ մը Հերմելի Մարժահին շրջանին մէջ ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակումի մը, որուն յաջորդեցին բախումներ զինեալներուն եւ բանակայիններուն միջեւ: Զինեալ միջադէպը տեղի ունեցաւ այն բանէն ետք, երբ լիբանանեան բանակը ձերբակալեց Հ. Մ. Հ. սկզբնատառերով անունը կրող պահանջուած մը:
Պեքաայի մէջ «Նաշրա» կայքի թղթակիցը հաղորդեց, որ երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով արձանագրուած են վիրաւորներ:


