Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտին Առիթով

September 19, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ լիբանանահայ աշակերտներ,

2018-2019 դպրոցական տարեշրջանը պիտի թեւակոխենք քանի մը օրէն եւ դուք, ամառնային արձակուրդով կազդուրուելէ ետք, պիտի վերադառնաք ձեր կրթական օճախներուն եւ ուսուցիչներուն ու դասընկերներուն մտերմութեան:

Այս առիթով, մանաւանդ ձեզ հա՛յ դպրոցի յարկին տակ ողջունելու երջանկութիւնը ապրելով, պարտք կը զգանք ձեզի յիշեցնելու, թէ դուք անքակտելի մասնիկն էք մեր լիբանանահայ համայնքին իւրայատկութիւնը ընդգծող հայ իրականութեան, որ հայ ընտանիքով, հայ եկեղեցիով, հայ դպրոցով եւ բոլոր հայ հասարակական կառոյցներով հայ ազգի գոյատեւման վստահութիւնը կը ներշնչէ բոլորիս, եւ այս պարագային` մանաւանդ ձեզի: Միայն այսպէ՛ս հայ մշակոյթ եւ հայ հայրենիք մէկ ամբողջութիւն կը դառնան մեր հաւաքական մտածողութեան, զգայնութեան եւ գործին մէջ` մեր անցեալը, ներկան ու ապագան իրարու առնչելով եւ ձեզ մեր յոյսի դեսպաններուն վերածելով. որովհետեւ հայ դպրոցին մէջ, ձեր տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն հոգածութեան տակ, դուք ամէն օր կը հաղորդուիք 5-րդ դարուն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Ս. Սահակ հայրապետի եւ Վռամշապուհ թագաւորի գործակցութեամբ իրագործուած հայ գիրերու գիւտին եւ հայ գրականութեան ոսկեդարու հրաշքին հետ, որ հպարտառիթ սխրանքներու մեկնակէտը եղաւ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին` մինչեւ այսօր:

Մեր մարդկային դիմագիծը կը կերտուի, մեր հայու ինքնութիւնը կը ցոլայ եւ մեր լիբանանահայ մասնայատկութիւնը լուսարձակի տակ կը բերուի հայ դպրոցի առողջ մթնոլորտին մէջ, ուր դուք ո՛չ միայն գիտութիւն կ’ամբարէք, այլ նաեւ հայու առօրեան կ’ապրիք: Քա՛ջ գիտցէք, որ ոեւէ աշակերտ կրնայ լաւ լիբանանցի դառնալ, սակայն դուք, հայ դպրոցի հովանիին տակ, լաւ լիբանանահայ պիտի դառնաք, որպէսզի օր մը ո՛չ թէ միայն ձեր ապրուստը ապահովող քաղաքացի ըլլաք, այլ առաւել` վաւերական հայ մարդ: Ա՛յս է ձեր իւրայատկութիւնը, եւ կը հաւատանք, որ զայն իբրեւ հայ դպրոցի աշակերտի առանձնաշնորհում կ՛ըմբռնէք:

Այս տարեշրջանին երկու բառեր ձեր ամէնօրեայ խորհրդածութեան խթանը թող հանդիսանան.-

Առաջին, զոհողութիւն: Անդրադարձէք, որ հայ դպրոցը զոհողութեամբ կը պահպանուի: Այս նիւթա-բարոյական զոհողութեան մասնակից են ձեր ծնողները, մեր ազգային իշխանութիւնն ու ուսումնական խորհուրդը եւ դպրոցներու խնամակալութիւնը, պատասխանատուները, բարերարները, անձնակազմը եւ դուք: Հայ դպրոցին արժէքը լիուլի պիտի չկարենաք գնահատել այսօր, սակայն վաղը, երբ դուք եւս ծնողք դառնաք, պիտի գիտակցիք, որ առանց ձեր շռայլ վայելքներէն զիջելու` չէք կրնար հայ դպրոցին երաշխաւորած հայակերտումին մաս կազմել: Մեր դպրոցները օրէ-օր աւելիով տնտեսական եւ կրթական լուրջ հարցերու դէմ յանդիման կը գտնուին. սակայն գիտցէք, որ հաւաքական յաջողութիւնները հաւաքական զոհողութիւններով կը կերտուին:

Երկրորդ, աշխատասիրութիւն: Դարձեալ անդրադարձէք, որ նոյնիսկ երբ դուք երբեմն թերանաք դաս սորվելուն մէջ, ձեր ծնողներն ու հայ դպրոցին գոյութիւնը ապահովող անձերը յաւելեալ աշխատանքի կը լծուին,  որպէսզի ձեր ծնողքին դրամն ու ձեր երկրորդ ծնողքին` ուսուցիչին քրտինքը յումպէտս չվատնուին: Ձեզմէ ակնկալուածը ձեր ամբողջական յաջողութիւնն է` վաղուան փայլուն ապագային համար, որուն բանալին ձեր անդուլ աշխատասիրութիւնն է: Այսօրուան աշխատասիրութեամբ պիտի կարողանաք ո՛չ միայն ապահով կեանք մը ձեռքբերել, այլեւ աշխատունակ մարդու համբաւին տիրանալ եւ հանգիստ պայմաններ վայելել:

***

Հայ դպրոցին առաքելութեան լծուած թանկագի՛ն հայորդիներ,

Վերամուտի սեմին, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիները այցելելէն առաջ` աշխատանքային հանդիպումներու համար գացինք մեր բոլոր Ազգային վարժարանները, ուր ուրախութեամբ տեսանք, թէ որակեալ կրթութիւն ջամբելու համար նուիրեալ աշխատանքի տիրական մթնոլորտը կայ ամէն մակարդակի վրայ: Խնամեալ նախապատրաստութենէն եւ ծրագրումէն ետք, ահաւասի՛կ հնչած է դասի զանգը: Կը վստահեցնենք ձեզ, թէ պիտի փորձենք մօտէն հետեւիլ ձեր սրբազան առաքելութեան. որովհետեւ կը հաւատանք, թէ մեր կրթական օճախները ինքնանպատակ չեն, այլ լիբանանահայութեան կենսունակութեան փարոսն են` այսօրուան ուսանողին մէջ վաղուան առո՛ղջ հայ մարդը կազմաւորելու լուսաշող ճանապարհին վրայ:

Հայ շարականին բառերով կը խնդրեմ Աստուծմէ, որ մեր սուրբ թարգմանիչ վարդապետներուն եւ մեր ուսուցչապետին` Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին պարգեւած երկնային իմաստութեան շնորհքը առատապէս հեղու մեր բոլոր դպրոցներուն վրայ, որպէսզի բարի վերամուտով սկսինք եւ նոր ձեռքբերումներով արդիւնալից տարեշրջան մը բոլորենք:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

18 սեպտեմբեր 2018

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Ոստիկանութիւնը Կը Գործադրէ Աշխատանքի Նախարարին Հրամանագիրը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.