Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Ղազար Հաստատուելուն Երեքհարիւրամեակի Հանդիսութիւններու Փակում

September 19, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մխիթարեան միաբանութեան Ս. Ղազար կղզի մուտք գործելուն երեքհարիւրամեակի յոբելենական տարին, որուն ընթացքին տեղի ունեցան ծիսական եւ մշակութային տարբեր հանդիսութիւններ, իր աւարտին հասաւ շաբաթ 8 եւ կիրակի 9 սեպտեմբեր 2018-ի տօնախմբութեամբ:

8 սեպտեմբերի Աստուածածնի ծննդեան տօնին օրը յիշատակումն է թէ՛ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնարկութեան, թէ՛ Աստուածամօր ընծայման եւ թէ՛ Մխիթար աբբահօր եւ իր վանականներու Ս. Ղազար կղզի մուտք գործելուն:

Շաբաթ, 8 սեպտեմբեր, Ս. Ղազար եկեղեցւոյ մէջ Տիրամօր ծննդեան տօնին սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Համազասպ վրդ. Քէշիշեանը` նախագահութեամբ Պոլսոյ թեմի առաջնորդ եւ Մխիթարեան միաբանութեան պապական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի, որ յաւուր պատշաճի քարոզին մէջ արժանապէս յիշեց Մխիթարի հոգեւոր եւ մշակութային առաքելութիւնը եւ նպաստը` թէ՛ հայ ժողովուրդին եւ թէ՛ համայն մարդկութեան, ինչպէս նաեւ` իր հաստատած խոր ու բեղուն կապը Վենետիկ քաղաքին հետ:

Յետմիջօրէին կայացաւ Յակոբ Փափազեանի «Գիրք հայրենիք» ֆիլմաշարի «Մխիթար Սեբաստացի» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ ներկաներուն մեծ գնահատանքին:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. «Հացին երգը. Կոմիտաս եւ Վարուժան. երաժշտութիւն, բանաստեղծութիւն եւ հոգեկանութիւն» «Լա փէ» (խաղաղութիւն) համոյթին կատարողութեամբ (Արամ Իփեքճեան, Սիլվիա Տէ Ռոսսոյ, Ֆլաւիոյ Սփոթթի եւ ասմունքող Կապրիելէ Փարիլլօ):

Կիրակի, 9 սեպտեմբերին Վենետիկի պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիա, սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց: Քարոզին մէջ  պատրիարքը շեշտեց Հայ եկեղեցւոյ հոգեկանութեան իւրայատկութիւնը, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի մէջ ներկայութեան կարեւորութիւնը` որպէս կենդանի  վկայութիւն Վենետիկ քաղաքի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մշակութային զօդի ամրապնդման:

 

Նախորդը

«Կեանքը Ցոյց Տուած Է, Որ Թատրոնը, Շարժապատկերը, Օփերան Հզօր Կ՛ըլլան, Երբ Պետութիւնը Հզօր Կ՛ըլլայ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Դաւիթ Յակոբեան

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ. Ֆութպոլի Առաջին Մրցումը Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.