Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հըզպալլայի Դէմ Յաջորդ Պատերազմին Ամբողջ Լիբանանը Պիտի Ռմբակոծենք» Շեշտեց Իսրայէլացի Պատասխանատու Մը

September 18, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ուժերու հիւսիսային զօրամասի հրամանատարութեան պատասխանատու մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին սպառնաց ամբողջ Լիբանանը եւ անոր ենթակառոյցը ռմբակոծել Հըզպալլայի դէմ յաջորդ պատերազմին, որովհետեւ Հըզպալլա իսկապէս կ՛իշխէ Լիբանանին: «Հետեւաբար նոր պատերազմի մը սանձազերծուելուն պարագային Իսրայէլ Հըզպալլայի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ տարբերութիւն պիտի չդնէ», ըսաւ ան:

Իսրայէլացի զինուորական պատասխանատուն նշեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին Իսրայէլ սխալած էր Հըզպալլայի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ խտրութիւն դնելով:

«Յաջորդ պատերազմին նման խտրութիւն պիտի չդնենք եւ պիտի հարուածենք Լիբանանն ու լիբանանեան որեւէ ենթակառոյց, որ մասնակից կը դառնայ պատերազմին», յայտնեց ան:

Իսրայէլացի զինուորականը նշեց, որ եթէ իրեն ընտրելու առիթ տրուի Լիբանանը ռմբակոծելու կամ Հըզպալլայի եւ Լիբանանի միջեւ տարբերութիւնը նկատի ունենալու առումով, ապա ինք պիտի ընտրէ առաջինը` ռմբակոծել Լիբանանը: Ան աւելցուց, որ ճիշդ է, որ Հըզպալլա Սուրիոյ պատերազմին իր մասնակցութեամբ պատերազմական յաւելեալ փորձառութիւն ամբարած է եւ վստահութիւն կը վայելէ: սակայն այս փուլին ան պատրաստ չէ իսրայէլեան հողեր ներթափանցելու եւ հողեր բռնագրաւելու:

«Համոզուած եմ, որ Հըզպալլա ներկայիս այլ պատերազմ չ՛ուզեր, իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւնները անիմաստ են եւ իր մտադրութեան ճշգրիտ արտացոլացումը չեն նկատուիր: Ան տակաւին կը բնակի իր թաքստոցին մէջ` Իսրայէլի մղած երկրորդ պատերազմէն սարսափած», նշեց ան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սալամ Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.