«Ազրպէյճանի ուրախութիւնը Թուրքիոյ ուրախութիւնն է, Ազրպէյճանի ցաւը Թուրքիոյ ցաւն է», շաբաթ օր Պաքուի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` թրքական Կովկասեան բանակին նուիրուած հեծելազօրքի շքերթի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ընդգծելով, որ Թուրքիան Ազրպէյճանի կարեւորագոյն գործընկերն է, յատկապէս քաղաքական եւ զինուորական ոլորտներուն մէջ, Էրտողան հաւաստած է, թէ Թուրքիան մինչեւ վերջ պիտի աջակցի Ազրպէյճանի ջանքերուն, վերջինիս համար ծանրագոյն խնդիրը` ղարաբաղեան տագնապը լուծելու հարցին մէջ:
«Ժամանակը եկած է վերջ դնելու սպասումներուն մեր աւելի քան մէկ միլիոն եղբայրներուն, որոնք տարիներ շարունակ կ՛ապրին հայրենիքի կարօտով: Անոնք, որոնք բռնագրաւուած կը պահեն եղբայրական Ազրպէյճանի տարածքին 20 առ հարիւրը, ի զուր մեզմէ սահմանի բացում կ՛ակնկալեն: Տուեալ հարցին մէջ Թուրքիոյ դիրքորոշումը յայտնի է, յստակ է եւ ճշգրիտ», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Այդ հարցին մէջ առաջին քայլին պէտք է ձեռնարկէ բռնագրաւողը»:
Էրտողան միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, որ Թուրքիա կ՛ուզէ բարելաւել կամ «շարունակել բարի կապերը» բոլոր դրացիներուն հետ, սակայն, անոր համաձայն, ղարաբաղեան տագնապի լուծումը կը հանդիսանայ Հայաստանի հետ կապերու վերսկսման կարեւորագոյն պայման:



