Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Կը Հաստատեն Քուէյթի Իշխանին Հանդէպ Յարգանքը` Մերժելով Անոր Դէմ Որեւէ Ամբաստանութիւն Կամ Ցեխարձակում

September 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմետ Սապահի հետ` հաստատելով լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւններուն ամրութիւնը եւ դրուատելով Լիբանանի նկատմամբ Քուէյթի իշխանին զօրակցական կեցուածքները:

«Լիբանանցիները անկարելի է, որ մոռնան Լիբանանի նկատմամբ ձեր զօրակցական կեցուածքները, երբ երկիրը կը դիմագրաւէր ծանր օրեր ու պայմաններ», ըսաւ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ոչինչ կրնայ նսեմացնել լիբանանեան-քուէյթեան եղբայրական յարաբերութիւնները` պաշտօնական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին դատապարտեց Քուէյթի իշխանին դէմ արձանագրուած ցեխարձակումները` հաստատելով, որ այդ յայտարարութիւնները մերժելի են եւ բոլոր չափանիշներով դատապարտելի:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ օր Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Քուէյթի եւ անոր իշխանին` Սապահ Ահմետ Սապահի դէմ ցեխարձակումներն ու յարձակումները մերժելի են` հաստատելով, որ իրենք Քուէյթի իշխանը կը յարգեն, եւ ան յատուկ տեղ ունի իրենց սրտերուն մէջ:

Վարչապետ Հարիրի վերահաստատեց նաեւ, որ Քուէյթի իշխանը պատուաբեր պատմութիւն ունի եւ միշտ զօրակցած է լիբանանցիներուն:

Հարիրի նշեց, որ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայանէ մը Քուէյթի իշխանին դէմ սփռուած յայտարարութիւնները համահունչ չեն լիբանանեան ազգային մթնոլորտին, որ կը փափաքի Քուէյթի եւ արաբական աշխարհին հետ իր յարաբերութիւնները պահել եղբայրական:

Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները այդ հարցով արդէն իսկ հետաքննութիւն բացած են եւ կը պաշտպանեն Լիբանանի ու լիբանանցիներուն շահերը:

Իր կարգին, Քանայի հաստատեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած է լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ վարչապետը ընդգծած է, թէ իր առաջնահերթութիւնը նոր կառավարութեան կազմութիւնն է:

Քանայի մաղթեց, որ ամէնէն մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Լրագրող Սալեմ Զահրանի կողմէ Քուէյթի իշխանին դէմ կատարուած յայտարարութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Քանայի շեշտեց, որ Զահրանի ամբաստանութիւններուն ետին թաքնուած են ուրիշներ, որովհետեւ ինք այլոց հետեւորդն է: «Նման յայտարարութիւններ ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնան ունենալ Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններուն վրայ: Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ յարաբերութիւնները ճղճիմ հարցերով չեն ազդուիր, եւ վարչապետ Հարիրի խստիւ դատապարտած է այդ ցեխարձակումները», ըսաւ Քանայի:

Սալեմ Զահրան ուրբաթ երեկոյեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ նաւթի հարցերով Քուէյթի իշխանին վրայ ամերիկեան ճնշում կը բանեցուի:

Նշենք, թէ վարչապետ Հարիրի մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին նկատմամբ իր ցուցաբերած հանդարտ մօտեցումին իբրեւ արդիւնք` ի վերջոյ կարենայ կառավարութիւնը կազմել:

Ան նշեց, որ երբ ամբողջ աշխարհը կը փափաքի օժանդակել Լիբանանին, Լիբանան ինքն իրեն պէտք է օժանդակէ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2018-ին, Աշուրայի տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները կը մնան փակ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց վարկաբեկիչ ոչ մէկ արտայայտութեամբ վերաբերուելու Լիբանանի եղբայր եւ բարեկամ պետութիւններուն նկատմամբ:

Նախարարութիւնը ողջունեց Քուէյթը եւ Քուէյթի իշխանը, որ մնայուն բարեկամ է Լիբանանին եւ ոչ մէկ ատեն Լիբանանը լքած է կամ անտեսած, մասնաւորապէս Լիբանանի դիմագրաւած ծանր պայմաններուն ընթացքին:

«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը մաղթէ, որ ոչ մէկ լիբանանցի միջամուխ դառնայ Լիբանանի տագնապալի օրերուն իրեն զօրակցած այլ երկիրներու ներքին հարցերուն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ արաբական թէ Ծոցի երկիրներէն մէկուն կամ անոնց պատասխանատուներէն մէկուն դէմ որեւէ վարկաբեկիչ յայտարարութիւն կամ ցեխարձակում կը նկատուի անպատասխանատու արարք մը, որուն պատասխանատուութիւնը լիբանանեան պետական հաստատութիւնները չեն ստանձներ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները երբեք չեն ազդուիր Դիմադրութեան առանցքի ատելութեան քաղաքականութեամբ գործող լրագրութեան մարզի փոքրոգիներէն:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Քուէյթի իշխանին դէմ արձակուած ցեխարձակումները` դատական իշխանութիւններէն պահանջելով դիմել համապատասխան միջոցառումներուն:

Նախորդը

Զբօսաշրջական Վարժանիստ` Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդին Մէջ

Յաջորդը

Էրտողան. «Թուրքիան Մինչեւ Վերջ Ղարաբաղեան Տագնապը Լուծելու Հարցին Մէջ Պիտի Աջակցի Ազրպէյճանին»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.