Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տերսիմ Հասած Քրտամէտ Կուսակցութեան Անդամներուն Արգիլուած Է Հրդեհի Գօտի Մուտք Գործել

September 3, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տերսիմ մեկնած Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններէն բաղկացած պատուիրակութեան արգիլուած է Օվաջըք եւ Խոզաթ գաւառներէն մուտք գործել հրդեհի գօտի:

Իբրեւ արգելքի հիմնաւորում տրուած է այն պատճառաբանութիւնը, թէ` «տուեալ տարածքներուն մէջ թրքական զինեալ ուժերը գործողութիւն կը կատարեն ՔԱԿ-ի մարտիկներուն դէմ»: Որոշ ժամանակ նստացոյց կատարած պատուիրակութեան անդամները փորձած են նաեւ Բերդակ գաւառէն մտնել Տերսիմի հրդեհուած շրջաններ, սակայն անոնց այդ նախաձեռնութիւնը եւս կանխարգիլուած է անվտանգութեան ուժերու կողմէ:

«Ակունք» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ քրտական թրքերէն «Մեզոփոթամիա» լրատու գործակալութիւնը:

Նկատի ունենալով, որ բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք չեն տուած, քրտամէտ կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններէն բաղկացած պատուիրակութիւնը փորձած է նաեւ այլընտրանքային ուղիով մտնել արդէն քանի մը շաբաթէ ի վեր այրող տերսիմեան շրջաններ: Խոզաթ-Չիչեքլի գիւղի ճամբուն վրայ անգամ մը եւս թուրք զինուորներու եւ ոստիկանութեան արգելիքին հանդիպած պատուիրակութեան անդամները նստացոյց կատարած են ցամաքային ճամբուն վրայ:

Յիշեցնենք, որ օգոստոս ամսուան առաջին տասնօրեակին Տերսիմի անտառներուն մէջ բռնկած հրդեհները անընդհատ կ՛անտեսուին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ, հրդեհներ, որոնք բռնկած են ոչ թէ եղանակային պայմաններու, այլ` ՔԱԿ-ի դէմ պայքարող Թուրքիոյ բանակի հրթիռակոծութիւններու իբրեւ հետեւանք:

Նախորդը

Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Արժանացաւ Ժողովրդային Ընդունելութեան

Յաջորդը

Նախագահին Ու Նախարարներու Հետ Հանդիպումին. Խամենէի. «Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութիւնը Մէկդի Պիտի Նետենք, Եթէ Չպահպանէ Մեր Շահերը»

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.