Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2017-2018 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

August 30, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն տարուան նման, այս տարի ալ ՀՄԸՄ-ի ՊԷյրութի սկաուտները յատկացուցին իրենց ամրան 10 օրերը մասնաճիւղային տարեկան բանակումին, որուն նպատակն էր համախմբել մասնաճիւղի բոլոր խումբերը մէկ վայրի մէջ եւ գործադրել տարուան ընթացքին ամբարուած գիտելիքները` անոնց վրայ աւելցնելով նորեր, համեմուած` չարքաշ կեանքի ապրելակերպով:

Բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ 17-26 օգոստոս 2018-ին, Քֆար Մաթթա գիւղի շրջակայքը: Շաբաթ, 25 օգոստոսին տեղի ունեցան բանակումին փակման պաշտօնական արարողութիւնն ու խարուկահանդէսը, որոնց ընթացքին այցելուները վայելեցին սկաուտներուն 10 օրուան ժրաջան աշխատանքին արդիւնքները` սկաուտական ձեռայիններ, զարդարանքներ, խարուկահանդէսի ներկայացումներ եւ այլն:

Քանի որ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակներն էին, այս տարի սկաուտները իբրեւ բանակումի լոզունգ ընտրած էին` «Արի ոգիով ու հաստատ քայլերով դէպի նոր հարիւրամեակներ»-ը: Աւելի՛ն. անոնք յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էին հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին: Արդարեւ, մոկլիները` մասնաճիւղի ամենափոքր անդամները, իբրեւ ապագայ մարդուժ, իրենց բանակավայրով եւ յայտագիրով կը ներկայացնէին անկախ Հայաստանը: Իսկ միւս 6 խումբերը ընտրած էին 19-20-րդ դարու հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ապստամբութիւններ մղած տարածաշրջանները: Պարմանուհիները կը ներկայացնէին Ուրֆան, երէցները` Շապին Գարահիսարը, արենուշները` Վանը, արիները` Մուսա Լեռը, արծուիկները` Սասունը, եւ գայլիկները` Զէյթունը: Ամէն մէկ խումբ իր առօրեայ յայտագիրներուն, բանակավայրի յարդարումին, ձեռայիններուն եւ խարուկահանդէսի ներկայացումներուն մէջ ընդգրկած էր իր ընտրած տարածաշրջանի մշակոյթը, պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը, աւանդութիւնները եւ այլն:

Բազմաթիւ միջոցներ օգտագործուեցան բանակումին նպատակը եւ թեման իրագործելու համար, ինչպէս` խմբային և մասնաճիւղային խաղեր ու զրոյցներ, արշաւներ և բնութեան մէջ այլազան յայտագիրներ, հաւաքական աշխատանքով մեծ ձեռայիններ կանգնեցնել, անհատական ձիրքեր զարգացնել, մշակոյթի ծանօթացում եւ այլն:

Բանակումը կ՛երկարէր 10 օրերու վրայ: Ուրբաթ, 11 օգոստոսին երէցական փաղանգը ելաւ բանակավայր` տեղաւորելու համար գոյքերը: Յաջորդ օրն իսկ միացան պարմանուհիները, արիներն ու արենուշները, եւ սկսան բանակավայրի յարդարման աշխատանքները: Երկուշաբթի, 20 օգոստոսին բանակավայր ելան աստիճանաւոր գայլիկներն ու արծուիկները եւ աշխուժօրէն մասնակցեցան բանակավայրի յարդարման աշխատանքներու վերջին բաժնին:

Երեքշաբթի բանակավայր այցելեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը, ինչպէս նաեւ` մասնաճիւղի վարչութիւնը:

Չորեքշաբթի բոլոր սկաուտները պատրաստ էին դիմաւորելու գայլիկական վոհմակն ու արծուիկական երամը, որոնք նոր շունչ տուին բանակումին: Մինչ այդ արդէն իսկ յայտագիրները թափ առած էին` արշաւներ, մարզանքներ, գիշերային խաղ, զրոյցներ, խաղեր, շարքը երկար էր:

Վերջապէս, ուրբաթ, 24 օգոստոսին ժամանեցին մասնաճիւղին մոկլիները, որոնք չարքաշօրէն գիշերեցին բանակավայրին մէջ, արշաւեցին և հասկցան` ինչո՛ւ հաճելի է բնութեան մէջ ապրիլը: Այսպիսով, բանակավայրի բնակիչները հասան իրենց ամբողջական թիւին:

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցան փակման պաշտօնական արարողութիւնն ու խարուկահանդէսը: Արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ բանակումի մրցանակաբաշխութիւն, ինչպէս նաեւ խօսք առին ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային խմբապետութիւնը, որոնք շնորհաւորեցին սկաուտները իրենց տարած աշխատանքին համար: Ծնողներու եւ բարեկամներու ընդունելութեամբ, բանակումի ուրախ պահերը բաժնեկցելով ներկաներուն հետ, աւարտեցաւ 2017-2018 տարեշրջանի մասնաճիւղային բանակումը` սկաուտներուն մտքերուն մէջ դրոշմելով անմոռանալի յիշատակներ:

Ներկաներուն մեկնումէն ետք, անմիջապէս սկսաւ հայկական շուրջպարն ու քէֆը, որմէ ետք սկաուտները սկսան քակել ձեռայինները ու հաւաքել բանակավայրը:

Բանակումը լաւապէս ծառայեց իր նպատակին, ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը վերածեց գործի, սկաուտներուն միջեւ կապերը սերտացուց, անոնց վարժեցուց չարքաշ ու ապահով կեանք ապրելու բնութեան գիրկը եւ թարմացուց ազգային ժառանգութեան արժէքին հանդէպ սկաուտներուն ունեցած գիտակցութիւնը:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի 2018-2019 տարեշրջանի հաւաքները պիտի վերսկսին հոկտեմբեր 2018-ին: Հաւաքները տեղի կ՛ունենան շաբաթ օրերը կ.ե. ժամը 4:00-6:30, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբէն ներս, Տաուտ Պաշա փողոց, Զոքաք Պլաթ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Դարձեալ Ազրպէյճանը Շփոթեցին Աֆղանիստանի Հետ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.