Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արագացնելը Բոլորին Պատասխանատուութիւնն Է»

August 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտնեց, որ նախանցեալ օր ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ քննարկած կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ համաձայնած անոր հետ մօտիկ ապագային ունենալու հանդիպում մը:

Հարիրի նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի օժանդակէ իրեն` հանգուցալուծելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները:

Հարիրի նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը արգելակող պատճառները ներքին լիբանանեան են եւ ուղղակիօրէն կապուած կարգ մը քաղաքական ուժերու պահանջներուն:

Ան նշեց, որ ինք հանդիպումներ պիտի ունենայ քաղաքական պատասխանատուներու հետ` յոյս յայտնելով, որ երկու կամ երեք օրէն կարելի ըլլայ յստակացումներ կատարել:

«Ես վարչապետ նշանակուած եմ եւ իմ իրաւասութիւններս լաւ գիտեմ, եթէ ոեւէ մէկը այդ մասին դիտողութիւններ ունի կատարելիք, ապա պէտք է զանոնք իմ ուշադրութեանս յանձնէ: Իսկ եթէ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային չկազմուի, ապա պիտի բացայայտեմ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտողները», ընդգծեց ան:

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին մասին Հըզպալլայի կեցուածքին անդրադառնալով` Հարիրի ըսաւ, թէ այդ կեցուածքը բոլորին ծանօթ է եւ նորութիւն չէ` աւելցնելով, որ այդ ատեանին մասին իր կեցուածքը եւս ծանօթ է բոլորին:

«Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն, մենք մեր բոլոր դռները բացինք սուրիացի տեղահանուածներուն դիմաց, իսկ ո՛վ որ սուրիական վարչակարգին կը զօրակցէր` Պէյրութի միջազգային օդակայանը կ՛օգտագործէր: Հակառակորդ կողմին վարուելակերպը ցաւալի է», ըսաւ Հարիրի:

Վարչապետը հաստատեց, որ ինք արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ համակարգած է Ռուսիա անոր այցելութիւնը: «Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով մենք կը գործակցինք Ռուսիոյ հետ եւ բոլորս կը փափաքինք անոնց ապահով տունդարձը, պայմանով որ անիկա կատարուի իրենց կամքով եւ միջազգային օժանդակութեամբ: Այս քննարկումները կատարելու համար` սուրիական վարչակարգին հետ երկխօսութեան կարիք չկայ», եզրափակեց ան:

Նշենք, որ յետմիջօրէին վարչապետ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որմէ ետք հաստատուեցաւ, որ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի միջեւ գործակցութիւնը ժամանակաւոր չէ եւ կամ որոշ թղթածրարներու չի վերաբերիր, այլ` երկիրը պաշտպանելու հսկայ ծրագիր մըն է, ինչպէս նաեւ երկիրը բարգաւաճեցնելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու ծրագիր մը:

 

 

Նախորդը

«Հանրապետութեան Նախագահին Պատկանող Նախարարական Չափաբաժինը Որոշ Փուլի Հետ Չէ Կապուած» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Պըրրի Շնորհաւորեց Ապպաս Իպրահիմը

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.