Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՊԱԼԱԾ ՀՍԿԱՆԵՐՈՒ ԴԱՍԵՐԸ

November 29, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շեւարտնածէ
Ելցին
Կորպաչեւ

Դեկտեմբերին կը լրանայ Խորհրդային Միութեան փլուզումին 20-ամեակը, որ երեք հսկաներու` Միքայէլ Կորպաչեւի, Պորիս Ելցինի եւ Էտուարտ Շեւարտնածէի մասին գրելու լաւ առիթ է:

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը պատմութիւն կը կերտէր, բայց ընթացաւ ոչ ճիշդ ուղիով, երբ հասարակութիւնները փոխուեցան եւ սպասումները չարդարացան:

Վլատիմիր Փութին պէտք է դասեր քաղէ անոնց փորձառութենէն, եթէ, ինչպէս նախատեսուած է, յառաջիկայ տարի երրորդ անգամ ստանձնէ նախագահի պաշտօնը:

Շեւարտնածէ, որուն հետ մեզմէ իւրաքանչիւրս սերտօրէն աշխատած ենք, ցուցադրական օրինակ մըն է, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընթանայ իշխանաւոր մը` յաջողակ ղեկավարութենէ մինչեւ դժբախտ աւարտի: 1980-ականներուն, իբրեւ Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարար, ան օգնեց Կորպաչեւի` այդ օրերուն Խ. Միութեան ղեկավարը, նուաճելու պատմական համաձայնութիւններ` սպառազինութիւններու եւ Աֆղանիստանէն խորհրդային ուժերու հեռացման վերաբերեալ: 1989-ին Կորպաչեւ եւ Շեւարտնածէ նպաստեցին Պերլինի պատի խաղաղ անկումին եւ Արեւելեան Եւրոպայի արբանեակային վարչակարգերու  ազատագրման:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, 1991-ին, Շեւարտնածէ վերադարձաւ հայրենիք, որպէսզի դառնայ անկախ Վրաստանի նախագահը: Ան վերջ դրաւ քաղաքացիական պատերազմին, բայց չկրցաւ Թիֆլիսի վերահսկողութեան, հակակշռիին տակ պահել Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան:

Եթէ Փութին այս պատմութիւնը սերտէ, ի՞նչ դասեր կրնայ քաղել:

Առաջին. լճացումի դէմ պայքարին մէջ բարեփոխումները կենսական են: 1985-ին, երբ Կորպաչեւ իշխանութեան եկաւ, համայնավարական գաղափարախօսութիւնը կորսնցուցած էր իր գրաւչութիւնը, եւ տնտեսութիւնը ծանր վիճակի մէջ էր: Անոր բարեփոխումները տարօրինակ էին, բայց` յանդուգն: Սակայն ատոնք շատ անզօր էին Խորհրդային Միութիւնը պահպանելու համար:

1990-ականներուն Շեւարտնածէ Վրաստանի մէջ աճեցուց երիտասարդ ղեկավարներ, որոնք արդար ընտրութիւններով իրենց հակակշիռին տակ առին խորհրդարանը: Բայց Շեւարտնածէ նահանջեց, երբ իր տկար կառավարութեան դէմ այդ խորհրդարանէն նետուած մարտահրաւէրին չկրցաւ պատասխանել: 2003-ին կեղծուած ընտրութիւններէն ետք, նոր սերունդը Շեւարտնածէին ստիպեց  հեռանալ` հանրածանօթ դարձած «Վարդերու յեղափոխութեամբ»:

Ռուսիա այսօր աւելի ազատ է, քան` խորհրդային տարիներուն, բայց թերահաւատութիւնն ու յոռետեսութիւնը կրկին լայն տարածում գտած են:

Երիտասարդներ եւ դրամագլուխ Ռուսիայէն կը փախչին, եւ առողջութեան հարցերն ու ժողովրդագրական ճգնաժամը կը ճնշեն հանրութիւնը: Փութին կրնայ մեղմացնել լարուածութիւնը` առիթ տալով արդար ընտրութիւններու կայացման, անկախ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու գործունէութեան եւ ընկերային խնդիրներու վերաբերեալ ազնիւ, անկեղծ քննարկումներու:

Երկրորդ. բարեփոխումները տեսլական եւ վճռականութիւն կը պահանջեն: Կորպաչեւ կը սխալէր, երբ կը կարծէր, թէ ինք կրնայ կանոնակարգել խորհրդային համակարգը: Ռուսիոյ մէջ Ելցին եւ Վրաստանի մէջ Շեւարտնածէ նահանջեցին բարեփոխումներէն, երբ արմատաւորուած կամ փտած ընտրանին դիմադրեց:

Փութին քիչ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ իրական բարեփոխումներուն հանդէպ: Ինք կը պաշտպանէ ոչ արդիւնաւէտ մեծ ձեռնարկութիւնները, որոնցմէ շատերը ինք երկրորդ անգամ ազգայնացուցած, պետականացուցած եւ միացուցած է ոչ ճկուն հսկաներու մէջ: Թէեւ Փութին կը քաջալերէ ուժանիւթի մարզին մէջ արտաքին ներդրումները, սակայն Միխայել Խոտորսքիի դատավարութիւնները կը բացայայտեն, որ վարչապետը կ՛անտեսէ ներդրողներու շահերն ու օրէնքի գերակայութիւնը:

Երրորդ. ապագայի ղեկավարները շատ կարեւոր են: Վրաստանի մէջ Շեւարտնածէ բաւական երկար կառչեցաւ իշխանութեան` ըսելով, թէ նոր սերունդը փորձառութեան պակաս ունի:

Ելցին երիտասարդ ղեկավարներու իշխանութիւն եւ գործելու ազատութիւն տուաւ, եւ այս բարեփոխումներու ոստումը ապագայ բարգաւաճման խթան եղաւ: Բայց Ելցին նահանջեց փտած պաշտօնատարներուն հանդէպ ժողովրդային դժգոհութեան եւ յաւելեալ կայունութեան եւ իշխանութեան հեղինակութեան պահանջներու կոչերուն առջեւ:

Վարդերու յեղափոխութիւնը

Փութին արհամարհական, քամահրական վերաբերում ցուցաբերեց Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ «գունաւոր» յեղափոխութիւններուն, բայց ինք պիտի բախի նման ճնշումներու, մասնաւորաբար` երիտասարդ եւ կազմակերպուած ղեկավարներու կողմէ: Աճող սպասումները, ակնկալութիւնները բաւարարելու համար իր լաւագոյն յոյսն է քաջալերել ժողովրդավարական արժէքներ, հակումներ ունեցող ղեկավարները եւ արդիականացնել կառավարումը:

Չորրորդ. Փութին կրնայ կորսնցնել Հիւսիսային Կովկասը: Վրաստանի մէջ Շեւարտնածէ ճարպիկօէն յարգանք դրսեւորեց փոքրամասնութիւններու նկատմամբ` մէկ առ մէկ չէզոքացնելով դաշտային հրամանատարները, կռիւներու օրերու պետերը: Սակայն ան շատ թոյլ էր ծայրայեղ ազգայնականները ետ կեցնելու համար Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ դէմ յարձակումներէ:

Փութին աւելի բարդ մարտահրաւէր կը դիմակալէ, որովհետեւ ահաբեկչութիւնն ու ապստամբութիւնները կը տարածուին Հիւսիսային Կովկասի մէջ: Շրջանը, դուրս կը մնայ Մոսկուայի հակակշիռէն, վերահսկողութենէն: Փութին պէտք է երկխօսութեան նախաձեռնէ տեղւոյն ազգային, ցեղային փոքրամասնութիւններուն եւ իսլամներուն հետ, ինչպէս նաեւ աւելի ճկուն եւ ստեղծագործ ըլլայ: Դաժանութիւնն ու կաշառքը հրահրած են կիրքեր եւ մսխած, սպառած են աղբիւրներ: Ռուսիա նաեւ պէտք է բարելաւէ իր յարաբերութիւնները Վրաստանի հետ, որպէսզի զսպէ Հիւսիսային Կովկասի մէջ սպառնալիքները:

Փութին

Փութին իր երկրի ամէնէն ժողովրդական ղեկավարն է: Ան կ՛առանձնանայ այնպիսի քաղաքական մշակոյթի մը մէջ, ուր կը գնահատուին` հզօր ձեռքը, ազգայնականութիւնը եւ անկախ գերպետութեան կարգավիճակը:

Բայց Ռուսիա նոյնպէս կը փոխուի: Քաղաքացիական հասարակութիւնը, որ առ այժմ թոյլ է, ուժ կը հաւաքէ: Փտածութեան եւ քուէարկութեան ընտրանքի բացակայութեան դէմ դժգոհութիւնը կ՛աճի:

Սթաթուսքոյի քաղաքականութիւնները անբաւարար են, բայց կը մնան Փութինի նախասիրութիւնը: Ան ուժանիւթեր կը մսխէ եւ տարակուսանքի մէջ կը ձգէ դրացիները` ձգտելով ստեղծելու եւրասիական միութիւն մը, որ քիչ օգուտ պիտի բերէ:

Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական հիմնական շահերն ու յաճախորդները Եւրոպայի մէջ են: Եւրոպան կը հիացնէ ռուսերը, ուր անոնցմէ շատեր կը սիրեն ճամբորդել եւ այդտեղ կալուած, անշարժ գոյք գնել:

Փութին իբրեւ նախագահ կը յաջողի, եթէ արդիւնաւէտ կերպով լուծէ Ռուսիոյ հիմնական խնդպիները: Սակայն այս անգամ ան կը հանդիպի աւելի բարդ եւ պահանջկոտ ընտրողներու:

Երբ Շեւարտնածէ այլեւս չկրցաւ լուծել Վրաստանի խնդիրները, տապալեցաւ:

Նոյնը կը սպառնայ նաեւ Փութինի, եթէ ան դասեր չքաղէ Շեւարտնածէէն եւ անկէ առաջ տապալած հսկաներէն:

ՏԵՆԻՍ ՔՈՐՊՈՅ, ՈՒԻԼԻԸՄ ՔՈՐԹՆԻ
ԵՒ ՔԵՆԸԹ ԵԱԼՈՎԻՑ

«Տը Նիու Եորք Թայմզ»

Նախորդը

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՆԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԶՈՅԳ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎՆԵՐԷ ՔԱՂՈՒԱԾ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱԼՇԻՄԻՆ ԿԱՊԱՐԸ ՈՍԿԻԻ ՊԻՏԻ ՉՎԵՐԱԾԷ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։