Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Համագործակցութեան Համաձայնագիր Կը Ստորագրէ «Էյ. Եու. Թի.» Համալսարանին Հետ

August 21, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ պլոքին անունով համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրեց Հալաթի «Էյ. Եու. Թի.» համալսարանի նախագահ Ղատա Հնէյնի հետ` ներկայութեամբ համալսարանի փոխնախագահ Մարսել Հնէյնի:

Համագործակցութեան համաձայնագիրին շրջագիծին մէջ համալսարանը նիւթական զեղչեր պիտի տրամադրէ հայ ուսանողներուն եւ պիտի արագացնէ զանոնք համալսարան ընդունելու հոլովոյթը` համալսարանին ընդգրկած բոլոր մասնագիտութիւններուն պարագային:

Իր խօսքին մէջ Հնէյն յայտնեց, որ համալսարանին առաքելութիւնն է լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող բոլոր շերտերուն հետ գործակցիլ եւ համալսարանին մէջ բազմազանութիւնը պահպանել: «Հայ ժողովուրդը Լիբանանի հիմնական ներկայացուցիչներէն է` նկատի ունենալով անոր իմաստուն եւ ուշիմ ըլլալու եւ ձգտումներ ունենալու իրականութիւնը», ըսաւ ան:

Հնէյն շեշտեց, որ ուսման եւ կրթութեան զէնքը հզօրագոյն զէնքերէն է, որուն անհատները կը դիմեն յատկապէս դժուար պայմաններուն ընթացքին: Ան նշեց, որ ուսումն ու կրթութիւնը մարդ անհատին ճակատը բարձր կը պահեն եւ անոր ինքնավստահութիւն կ՛ապահովեն` աւելցնելով, որ ուսման ու կրթութեան զէնքը իր ազդեցութիւնը փաստած է տարբեր ժողովուրդներու մօտ եւ երկիրներու մէջ:

Հնէյն մաղթեց, որ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը ըլլայ երկար եւ մնայուն գործակցութեան առաջին քայլը:

Իր կարգին, երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ նման յատուկ հանդիպումի մը իր մասնակցութիւնը ուրախութիւն է` ընդգծելով, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը նեցուկ կը կանգնին դպրոց յաճախող հայ աշակերտին եւ համալսարան յաճախող ուսանողին` պահպանելու համար հայկական-լիբանանեան աւանդները:

Յ. Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց «Էյ. Եու. Թի.» համալսարանին` կրթական մարզը ամրապնդելու անոր առաքելութեան եւ զօրակցութեան համար: Ան միաժամանակ դրուատեց հայ ուսանողներուն եւ պաշտօնեաներուն կարողութիւններն ու արժանիքները:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ այս համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի` յայտնելով, որ պիտի ստորագրուին նաեւ համագործակցութեան այլ համաձայնագիրներ, որովհետեւ ուսման եւ կրթութեան մէջ կարեւորագոյնը ապագային նկատմամբ տեսլական ունենալն է: «Յաջող պատմութիւն եւ փորձառութիւն ձեռք ձգելէ ետք, հոս կը կայանայ համալսարաններուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը` խոստմնալից եւ փայլուն ապագայ կերտելու իմաստով», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Քննարկեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Եւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Վեհաժողովին Իր Մասնակցութեան Նախապատրաստութիւնները

Յաջորդը

Մոսկուայի Մէջ. Պասիլ Եւ Լաւրով Կ՛ընդգծեն Սուրիացի Տեղահանուածներու Ապահով Տունդարձին Անհրաժեշտութիւնը` Մերժելով Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծման Հետ Անոր Առնչութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.