Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՊԱՏԺԻՉ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԻԲՐԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔ 7 ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԶՈՀ ԵՒ ՎԻՐԱՒՈՐ. «ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ՇԱՏ ՍՈՒՂ Կ՛ԱՐԺԷ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

November 28, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ առաւօտեան աշխատանքային այցելութեամբ Գեղարքունիք եւ Տաւուշ մեկնեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նախագահ Սարգսեան այցելութեան սկսաւ Գաւառ քաղաքէն: Անոր այցելութեան առաջին կանգառները եղան քաղաքի Արաբկիր նորակառոյց բժշկական համալիրը, ինչպէս նաեւ երեխաներու եւ դեռահասներու առողջութեան հիմնարկի գաւառի մասնաճիւղը:

Այնուհետեւ նախագահ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ Գաւառի բժշկական կեդրոնի բացումին, շրջեցաւ եւ ծանօթացաւ կեդրոնի կարելիութիւններուն, նաեւ պատասխանեց լրագրողները հետաքրքրող քանի մը հարցումներու:

Մասնաւորաբար, անդրադառնալով վերջին օրերուն արձանագրուած սահմանային միջադէպերուն, նախագահ Սարգսեան նկատել տուաւ, որ քանի տակաւին ղարաբաղեան խնդիրը չէ լուծուած, սահմանը միշտ անհանգիստ պիտի մնայ:

«Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին երկու զինուորի կորուստ ունեցանք, եւ կորուստին մեղքը ամբողջութեամբ Ազրպէյճանի իշխանութեանց վրայ է: Եւ նաեւ իրենց բանակի հետագայ կորուստներուն պատասխանատուներն ալ իրենք են: Մեզի համար մեր զինուորին կեանքը շատ սուղ կ՛արժէ: Եթէ իրենց համար իրենց զինուորին կեանքը ոչինչ կ՛արժէ, ապա մեզի համար մեր զինուորին կեանքը շատ սուղ է: Կը կարծեմ, որ հետզհետէ այս անհանգիստ վիճակը պիտի մեղմանայ: Մեր ցանկութիւնն է, որ այդ անհանգիստ վիճակը պատճառ չդառնայ մարդկային զոհերու», յոյս յայտնեց նախագահ Սարգսեան:

Միւս կողմէ, շաբաթ օր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքը հաղորդեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է շուրջ 270 անգամ:

Ազրպէյճանական բանակի յառաջապէս ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէ ղարաբաղեան դիրքերուն ուղղութեամբ արձակած են աւելի քան 1500 կրակոց:

Ի պատասխան 19-20 նոյեմբերին առաջնային գիծին վրայ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւններուն պատճառով Արցախի բանակին կրած երկու զինուորի կորուստին, հայկական կողմը, ինչպէս նախապէս զգուշացուցած էր, դիմեց պատժիչ գործողութիւններու: 20-25 նոյեմբեր ինկած ժամանակաշրջանին ազրպէյճանական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ղարաբաղեան ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած կանխարգելիչ գործողութիւններուն շնորհիւ տուած են մինչեւ 7 զոհ եւ վիրաւոր:

Նախորդը

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՊԱՊԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴՈՒՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻՆ

Յաջորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 939 28/11/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։