Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապու Ֆաուր. «Ճարտարարուեստի Մարզը Պէտք Եղած Հոգատարութեան Չ՛արժանանար»

August 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր շաբաթավերջին ընդունեց Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլի եւ ընկերակցութեամբ Ռաշայայի ճարտարարուեստի մարզի միութեան:

Հանդիպումին ընթացքին Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստի մարզը անիրաւուած մարզերէն մէկն է, որ պետութեան կողմէ պէտք եղած հոգատարութեան չ՛արժանանար:

«Մենք կը ձգտինք, որ Ռաշայան վերածուի ճարտարարուեստի յատուկ շրջանի մը», ըսաւ Ապու Ֆաուր` աւելցնելով, որ Ռաշայայի մէջ կենցաղային բոլոր կարելիութիւնները առկայ են, ինչպէս` հիւանդանոցը, համալսարանը, պետական հաստատութիւններն ու այլ կեդրոններ, որոնք կարեւոր են քաղաքացիներուն համար: Ան աւելցուց, որ այս իրավիճակը կ՛օժանդակէ, որ արդիւնաբերական այդ շրջանը վերածուի ճարտարարուեստի կեդրոնի:

Ապու Ֆաուր ընդգծեց ճարտարարուեստի մարզը պաշտպանելու եւ անոր զօրակցելու կարեւորութիւնը: Ան նշեց, թէ Ռաշայայի մէջ կան արդիւնաբերութեան մեծ կարելիութիւններ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ մօտիկ ապագային Դամասկոսի հետ ճամբան աւելի պիտի աշխուժանայ: Ան հաստատեց, որ իրենք պատրաստ են զօրակցելու բոլոր անոնց, որոնք այդ շրջաններուն մէջ ներդրումներ կը փափաքին կատարել:

Իր կարգին, Ժեմայէլ մեծապէս գնահատեց Ապու Ֆաուրի ջանքերը` շրջանի ճարտարարուեստի բարգաւաճման համար: Ան ընդգծեց, որ օրին կառավարութեան մէջ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի ցուցաբերած զօրակցութիւնը` ճարտարարուեստի մարզին նկատմամբ, յիշատակելի եւ գնահատելի եղած է:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ ճարտարարուեստի մարզին եւ արդիւնաբերութեան պէտք է նեցուկ կանգնիլ` աւելցնելով, որ արտածուած լիբանանեան արտադրութիւնները, որոնք չորսուկէս միլիառ տոլար էին, այսօր եղած են երկուքուկէս միլիառ տոլար:

Ան ընդգծեց, որ ճարտարարուեստի մարզը առողջ պահելը կարեւոր է ամբողջ տնտեսական մարզին աշխուժութեան համար:

«Ճարտարարուեստը միայն կարգ մը գործարանատէրերու կամ գործարարներու շահերուն չէ որ կը ծառայէ, այլեւ` երկրին տնտեսութեան: Մենք համոզուած ենք, որ Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստի գանձ մը ունինք, որովհետեւ ճարտարարուեստի մարզի իւրաքանչիւր պատասխանատու առեւտրական է եւ կը գործէ ի շահ երկրի տնտեսութեան», ըսաւ Ժեմայէլ:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան պետութենէն պահանջուած է ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերը խնայել յաւելեալ տուրքերէ, որպէսզի անոնք կարենան գործել եւ երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւման նպաստել:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մուխթարայի Մէջ. «Կը Պահանջենք Վարչապետ Հարիրիին Զօրակցիլ» Շեշտեց Պաարինի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.