Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատած Են

August 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սքրիփալներու հարցին պատճառով Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատած է: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նոր պատժամիջոցները ուժի մէջ պիտի մտնեն ընթացիկ տարուան 22 օգոստոսէն:

Կը նշուի, որ Սալզպըրիի մէջ թունաւոր նիւթ օգտագործելով Ռուսիան միջազգային իրաւունքի խախտում կատարած է, իսկ 1991-ին որդեգրուած օրէնքին համաձայն, որեւէ երկրի կողմէ կենսաբանական ու քիմիական զէնքի օգտագործումը կը յանգեցնէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ սահմանափակող քայլերու ձեռնարկման:

Պատժամիջոցները կը վերաբերին Ռուսիա արտածուող այն ապրանքներուն, որոնք կրնան առնչուած ըլլալ ազգային անվտանգութեան հետ: Մասնաւորաբար` խօսքը կը վերաբերի ելեկտրոնային սարքաւորումներու եւ անոնց բաղադրիչներուն, որոնք կ՛օգտագործուին թռիչքներու ոլորտին մէջ:

Բացի ատկէ, Ռուսիան պէտք է երեք ամսուան ընթացքին ներկայացնէ քիմիական զէնք չօգտագործելու երաշխիքներ, ինչպէս նաեւ համաձայնի միջազգային ստուգումներու իրականացման, այլապէս անոր դէմ պիտի կիրարկուի պատժամիջոցներու երկրորդ թղթածրար մը: Մոսկուա ամերիկեան պատժամիջոցները նկատեց անընդունելի: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Մոսկուան «վրէժխնդրական քայլեր» պիտի որդեգրէ:

Յիշեցնենք, որ նախկին լրտես, 66 տարեկան Սերկէյ Սքրիփալ եւ անոր դուստրը 4 մարտ 2018-ին ջիղերու վրայ ազդող կազի ազդեցութեան ենթարկուած էին անգլիական Սալզպըրի քաղաքի առեւտուրի կեդրոններէն մէկուն մէջ եւ անգիտակից վիճակի մէջ տեղափոխուած հիւանդանոց:

Ամերիկեան նոր պատժամիջոցներու հաստատումէն ետք Մոսկուայի սակարանն ու ռուսական ռուբլին անկում կրեցին:

«Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ 8 օգոստոսին Մոսկուայի սակարանին մէջ ռուբլին տոլարի եւ եւրոյի դիմաց շուրջ 1,3 առ հարիւրի անկում կրած է: Որոշ պահերու ռուսական դրամանիշը անկում արձանագրած է` հասնելով տոլարի եւ եւրոյի դիմաց, համապատասխանաբար, 65 եւ 75 ռուբլիէն ցած ցուցանիշի:

Վերլուծաբանները շատոնց կը սպասէին ռուսական դրամանիշի դիրքերու թուլացումին: Անիկա որ նախանձելի կայունութիւն կը ցուցաբերէր արտաքին գործօններու ճնշումին տակ: Վերլուծաբանները ռուսական դրամանիշի փոխարժէքի թուլացումը կը բացատրեն սակարանի խաղացողներու Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու հաւանական խստացման մասին վերջին օրերու բացասական նորութիւններով: Այդ պատճառով յառաջացած է ռուբլիի խուճապային վաճառք:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Արեւմտեան Ափերուն Մօտ Գաղթականներ Տեղափոխող Նաւ Մը Ընկղմած Է

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.